++ Siria: Erdogan, iniziata l'operazione militare turca ++ ++ Siria: Erdogan, iniziata l'operazione militare turca ++ 

Միջազգային համայնքը կը դատապարտէ Սուրիոյ վրայ Թուրքիոյ յարձակումը:

Էրտողանի թշնամական քաղաքականութիւնը կը բացայայտէ Թուրքիոյ՝ սուրիական հողերուն տիրելու ախորժակը, ինչ որ երբեք արդարացի չի կրնար ըլլալ1

Չորեքշաբթի, 9 Հոկտեմբերին, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկաւ հաղորդագրութեամբ մը, որուն մէջ խստօրէն կը դատապարտէ «թրքական իշխանութիւններուն թշնամական միտումները, յայտարարութիւնները եւ սուրիական սահմանին վրայ թրքական զինուորական ապօրինի վաշտերու տեղակայումը: Այս բոլորը բացայայտօրէն կը խախտեն ՄԱԿի Միջազգային Ապահովութեան խորհուրդի այն որոշումները, որոնք կարեւոր կը համարեն Սուրիոյ գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պահպանումը»:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը եղածին մէջ պատասխանատու նկատեց նաեւ քրտական կարգ մը կազմակերպութիւններ, որոնք գերի դարձան ամերիկեան ծրագիրներուն, հակառակ անոր որ Սուրիա բազմիցս զգուշացուց նման ծրագիրներէ՝ անոնց հետ ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին:

Հաղորդագրութեան մէջ կը յիշուի, որ Էրտողանի թշնամական քաղաքականութիւնը կը բացայայտէ Թուրքիոյ՝ սուրիական հողերուն տիրելու ախորժակը, ինչ որ երբեք արդարացի չի կրնար ըլլալ: Նախարարութիւնը, եզրափակելով՝ կ՛ըսէ. «Եթէ Էրտողան իր թշնամական ընթացքը շարունակէ, ինքզինք զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն շարքին մէջ պիտի դասէ, հետեւաբար Ասթանայի բանակցութիւններու հովանաւոր կողմ ըլլալու իր հանգամանքը պիտի կորսնցնէ, ինչ որ սուրիական տագնապի քաղաքական գործընթացին մեծ հարուած պիտի հասցնէ»:

Նշենք, որ Հինգշաբթի օր, Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն վրայ Թուրքիոյ յարձակումները շարունակուեցան։ Գամիշլիի, Տրպեսիէի եւ Ռաս ուլ Այնի վրայ հրթիռակոծումներուն հետեւանքով ցարդ սպաննուած են 8 քաղաքայիններ եւ 11 քիւրտ զինուորներ, սակայն Էրտողանի պնդումով, ցարդ սպաննուած են «109 ահաբեկիչ»ներ:

Հինգշաբթի սաստկացաւ նաեւ ռմբակոծուող շրջաններէն քաղաքայիններու արտահոսքը, հասնելով տասնեակ հազարաւորներու։

Մինչ այդ, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Իրան կը դատապարտէ սուրիական հողերուն ուղղութեամբ թրքական յարձակումները եւ թրքական ուժերուն ապօրինի ներխուժումը Սուրիա: Նախարարութիւնը շեշտեց Սուրիոյ գերիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ ժողովուրդին միասնութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը:

Իր կարգին, Ռուսիոյ նախագահութեան բանբեր Տիմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ Քրեմլինը յոյս ունի, որ Թուրքիա կը յարգէ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը: «Քրեմլինը կը տեղեկանայ, որ Թուրքիա կառչած է Սուրիոյ հողային ամբողջականութեան գաղափարին: Թուրքիա կը գիտակցի նաեւ, որ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը քաղաքական բանակցութիւններու հիմնական պայմաններէն մէկն է, հետեւաբար անիկա պէտք է կառչած մնայ այս գաղափարին», ըսաւ Փեսքով:

Նաեւ, քրտական ղեկավարութեան Սուրիական ժողովրդավարական ուժերու հրամանատարութիւնը կոչ ուղղեց աշխարհասփիւռ քիւրտերուն՝ թրքական ներխուժումին դէմ բողոքի ցոյցեր կատարելու:

Մինչ այդ, Թուրքիոյ նախագահը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ եւ քննարկեց Սուրիոյ հիւսիսը կատարուող ռազմական գործողութիւնը։ Էրտողան պնդեց, որ այդ գործողութիւնը մեծ ներդրում պիտի ըլլայ Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման մէջ եւ ուղի պիտի հարթէ երկրին մէջ քաղաքական լուծման գործընթացին համար, սակայն Սպիտակ տունը նշեց, որ Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութիւնը վատ գաղափար մըն է, եւ Թուրքիա պէտք է իր խոստումը յարգէ՝ քաղաքացիներու եւ փոքրամասնութիւններու ապահովութիւնը երաշխաւորելու գծով:

Նաեւ, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի Թուրքիոյ կոչ ուղղեց՝ վերջ տալու զինուորական գործողութիւններուն, Սուրիոյ հիւսիսային շրջանին մէջ, իսկ ՆԱԹՕի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ յայտնեց, թէ կը յուսայ, որ Թուրքիոյ առած քայլը ճշգրիտ կերպով սերտուած է՝ նշելով, թէ Թուրքիա ապահովական մտահոգութիւններ ունի եւ ենթարկուած է ահաբեկչական ահաւոր յարձակումներու:

Վերջապէս, Ֆրանսայի նախագահութիւնը իր մտահոգութիւնը յայտնեց հիւսիսային Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած զինուորական գործողութեան վերաբերեալ, իսկ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Հայքօ Մասս հաստատեց, որ Թուրքիոյ առած քայլը պիտի ամրապնդէ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/10/2019, 08:28