Հրապարակային ունկնդրութիւն Հրապարակային ունկնդրութիւն 

«Աուրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան ղեկավարութիւնը կը հանդիպի Ֆրանչիսկոս Պապին հետ։

Պատուիրակութեան անդամները այցելութիւն պիտի տան նաեւ Ռատիօ Վատիկան։

Աուրորա մարդասիրական նախաձեռնութեան ղեկավարութիւնը  ժամանած է Իտալիա եւ  2 հոկտեմբեր 2019-ին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կայացած  չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին,  առիթը պիտի ունենայ հանդիպելու Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ։

Ունկնդրէ լուրը

Աուրորայի պատուիրակութեան  Հռոմ կատարած այցը՝ մաս կը կազմէ  աւելի լայն մէկ ուղևորութեան, որուն ընթացքին նախատեսուած է նաեւ «կլոր սեղան» մարդասիրական հարցերով զբաղող համայնքի և միջազգային լրատուամիջոցներու յայտնի անդամներու հետ, միասնաբար քննարկելու՝ մարդկային և ընկերային  բարեխիղճ հարցեր։

Ֆրանչիսկոս Պապին հետ հանդիպման կը մասնակցին «Աուրորա» ֆորումի համահիմնադիրներ՝ Նուպար Աֆեյան եւ Ռուբէն Վարդանեան ինչպէս նաև Մարդու զարթօնքի ամէնամեայ «Աուրորա» մրցանակի դափնեկիրներ՝ Թոմ Քաթինա, Մարկերիթա Փարանկիտսէ և Չո լա Աունը։

Հրապարակային  ունկնդրութեան աւարտին պատուիրակութեան անդամները այցելութիւն պիտի տան նաեւ Ռատիօ Վատիկան։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/10/2019, 14:36