Որոնել

Ճափոնի Կայսր Նարուհիթոյի գահակալութեան արարողութիւն Ճափոնի Կայսր Նարուհիթոյի գահակալութեան արարողութիւն 

Նախագահ Արմէն Սարգսեան ներկայ գտնուեցաւ Ճափոնի Կայսր Նարուհիթոյի գահակալութեան արարողութեան։

Ճափոնի կայսերական պալատին մէջ տեղի ունեցած արարողութեան ներկայ գտնուեցան պատուիրակներ աշխարհի 183 երկիրներէ,

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան տիկնոջ` Նունէ Սարգսեանի հետ Ճապոնի կառավարութեան հրաւէրով Թոքիոյի մէջ ներկայ գտնուեցաւ Ճափոնի նոր կայսեր` Նարուհիթոյի գահակալութեան հանդիսաւոր տօնակատարութեան, կը հաղորդէ ՀՀ նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը։

Ունկնդրէ լուրը

Ճափոնի կայսերական պալատին մէջ տեղի ունեցած արարողութեան ներկայ գտնուեցան պատուիրակներ աշխարհի 183 երկիրներէ, ներառեալ` թագաւորական ընտանիքներ, պետութիւններու ու կառավարութիւններու ղեկավարներ, այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ:

Միապետին գահակալութեան առթիւ շնորհաւորական խօսք ուղղեց Ճափոնի վարչապետ Շինձօ Ապէն:

Աւանդապաշտ Ճափոնի մէջ կայսրը ունի հիմնականօրէն ներկայացուցչական լիազօրութիւններ: Սահմանադրութեան համաձայն` Ճափոնի մէջ կայսրը պետութեան եւ ազգի միասնութեան խորհրդանիշն է եւ կ՛իրականացնէ արարողակարգային գործառոյթներ: Ճափոնի մէջ` այժմ արդէն նախկին կայսր 85-ամեայ Աքիհիթոն այս տարուան Ապրիլին գահէն հրաժարուած էր զայն փոխանցելով որդիին։ Կայսերական ընտանիքը ունի հազարամեայ պատմութիւն: Նարուհիթոն այս հարստութեան, որ գոյութիւն ունի աւելի քան 2600 տարի, 126-րդ կայսրն է:

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/10/2019, 08:06