Սամուէլ Մուրատեան դպրոցը Սամուէլ Մուրատեան դպրոցը 

Յարձակում՝ Փարիզեան արուարձան Սեւրի Սամուէլ Մուրատեան վարժարանին վրայ:

«Լրջօրէն մտահոգուած ենք Սեւրի հայկական Մուրադեան վարժարանի դէմ իրականացուող վանդալիզմի կրկնուող դրսեւորումներով: Այս գործողութիւնները չպէտք է մնան անպատիժ», գրած է Տոլմաջեան՝ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանը:

Փարիզեան հիւսիսային արուարձան Սեւրի Սամուէլ Մուրատեան հայկական վրաժարանին վրայ յարձակում մը կատարուած է։

«Թուիթըր»ի իր էջին վրայ այս մասին կը տեղեկացնէ Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան՝ դատապարտելով այդ արարքը:

«Լրջօրէն մտահոգուած ենք Սեւրի հայկական Մուրադեան վարժարանի դէմ իրականացուող վանդալիզմի կրկնուող դրսեւորումներով: Այս գործողութիւնները չպէտք է մնան անպատիժ», գրած է Տոլմաջեան:

Յիշեցնենք, որ 20 Հոկտեմբերին Հայաստանի դեսպանութիւնը տեղեկացուցած էր նաեւ, որ յարձակում կատարուած է «Նուվէլ Տ՛Արմէնի» (Nouvelles d’Armenie) գրասենեակին վրայ: Դեսպանը խստօրէն դատապարտած էր նաեւ այդ խուլիգանութիւնը եւ յայտնած, որ անիկա լուրջ ոտնձգութիւն է խօսքի ազատութեան եւ հանրապետական արժէքներուն նկատմամբ:

Քաղուած Ասպարէզէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/10/2019, 08:27