Երեւանի մէջ քննարկուեցան Հայկական լրատուական ցանցի զարգացման ուղիները: Երեւանի մէջ քննարկուեցան Հայկական լրատուական ցանցի զարգացման ուղիները: 

Երեւանի մէջ քննարկուեցան Հայկական լրատուական ցանցի զարգացման ուղիները:

Քննարկման ընթացքին տեղի ունեցաւ միտքերու փոխանակում հայկական մամուլի յաջորդ խորհրդաժողովներու կազմակերպման ձեւաչափերու ու բովանդակութեան առնչուած:

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանին մէջ (Անթիլիաս) տեղի ունեցած մամլոյ համահայկական խորհրդաժողովի արդիւնքներու ամփոփման, ինչպէս նաեւ համաժողովին կողմէ նախանշուած աշխատանքներու շարունակութեան նպատակով «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր, խորհրդաժողովի աշխատանքներու շարունակականութեան ձեւաչափի մշակման պատասխանատու Շահան Գանտահարեանի նախաձեռնութեամբ, «Արմէնփրէս» լրատու գործակալութեան մէջ տեղի ունեցաւ Հայկական միջազգային մամուլի համաժողովի կազմակերպչական աշխատանքներու վերաբերող խորհրդակցութիւն:

Խորհրդակցութեան օրակարգին վրայ էր հայկական լրատուամիջոցներու միացեալ աշխատանքի, ինչպէս նաեւ Հայկական միջազգային լրատուական գործակցութեան հնարաւոր բանաձեւերու եւ մոտելներու քննարկումը:

«Արամ Ա. կաթողիկոսի կողմէ հռչակուած Հայ մամուլի տարուան ծիրին մէջ կայացաւ կարեւոր խորհրդաժողով, որուն նպատակը համահայկական լրատուական միջավայրի դերի ու նշանակութեան արժեւորում էր ժամանակակից իրողութիւններու պայմաններուն մէջ, եւ այս հանդիպումը նախանշուած աշխատանքներու առաջին քայլն է», ըսաւ Շահան Գանտահարեան:

Քննարկման ընթացքին տեղի ունեցաւ միտքերու փոխանակում հայկական մամուլի յաջորդ խորհրդաժողովներու կազմակերպման ձեւաչափերու ու բովանդակութեան առնչուած:

«Կարծում եմ, որ համահայկական խորհրդաժողովները չպիտի պարփակուեն բացառապէս մեր ներքին բովանդակութիւնների ու խնդիրների քննարկման, այլ պէտք է ներառեն աւելի լայն հարցերի շրջանակ, պիտի անցկացուեն բոլոր, նաեւ՝ միջազգային լրատուամիջոցներում աշխատող հայ լրագրողների ներգրաւմամբ, ներառեն այլ ժողովուրդների լրատուական ցանցերը՝ մեր կարողութիւններն առաւել ամրապնդելու նպատակով», ըսաւ՝ «Արմէնփրէս» լրատուական գործակալութեան տնօրէն Արամ Անանեան՝ անդրադառնալով քննարկումներու ընդլայնման ձեւաչափին:

Քննարկումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ լրատուական համաժողովներու բովանդակային հիմնահարցերուն: Հայաստանի Լրագրողներու միութեան նախագահ Սաթիկ Սէյրանեան նշեց, որ ապագայ քննարկումներուն կիզակէտը պէտք է ըլլան առաւելապէս լրագրողական մարզը հետաքրքրող հարցեր:

«Իմ համոզումով, մեր քննարկումները պէտք է ունենան առաւել շեշտուած մասնագիտական բովանդակութիւն, ինչն առաւել արդիւնաւէտ կը դարձնի մեր կարողութիւնները, ինչպէս նաեւ նոր լիցք կը հաղորդի հայկական լրատուամիջոցների զարգացման ծրագրերին: Այդ ամէնը շատ կարեւոր է տեխնոլոգիապէս (արհեստագիտականօրէն-Խմբ.) զարգացող արագ փոփոխուող աշխարհում», ընգծեց Սաթիկ Սէյրանեան:

Քննարկման մասնակիցները կարեւոր նկատեցին Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած Հայ մամուլի համահայկական համաժողովի գումարումը եւ համաժողովին արդիւնքները: «Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութիւնը կարեւոր էր այն իմաստով, որ նոր մեկնարկ տրուաւ համահայկական արժէքաւոր աւանդութեան, որ, մէկտեղելով ամբողջ հայկական լրատուադաշտի ներուժը, թարմ լիցք հաղորդեց լրատուական համահայկական քննարկումներուն, ու այս առումով Արամ Ա. կաթողիկոսի շնորհակալ նախաձեռնութիւնը խիստ ողջունելի է», աւելցուց «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան։

Քննարկման իբրեւ արդիւնք որոշուեցաւ շարունակել հանդիպումները՝ աւելի լաւ ու համընդգրկուն օրակարգով ու ձեւաչափով:

Քաղուած «Ասպարէզ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/10/2019, 08:24