Ծիծեռնակաբերդ Ծիծեռնակաբերդ 

«Երախտագիտութիւն ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու Պալատին». «Աւրորա» Մարդասիրական Նախաձեռնութիւն

Մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք ԱՄՆ ներկայացուցիչներու պալատին` Հայոց Ցեղասպանութիւնը հաստատող օրինագիծի ընդունման համար

«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը յայտարարութիւն տարածած է ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի` Հայոց Ցեղասպանութիւնը հաստատող օրինագիծի քուէարկութեան վերաբերեալ:

Յայտարարութեան մէջ նշուած է.

«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան գործընկերներու եւ աջակիցներու անունով կ՝ուզենք մեր երախտագիտութիւնը յայտնել Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու պալատին Հ. 296 405-11 օրինագիծի ընդունման համար, որմով մէկ դար առաջ Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1.5 միլիոն անմեղ հայերու բնաջնջումը կը ճանչցուի իր իսկական անունով՝ իբրեւ Ցեղասպանութիւն։

«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը՝ հիմնադրուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրողներու անունով եւ ի երախտագիտութիւն զանոնք փրկողներուն, կը ձգտի զօրացնելու մերօրեայ հերոսները, որոնք աշխարհի բոլոր վայրերու մէջ կեանք ու յոյս կու տան անոնց, որոնք մարդասիրական օգնութեան խիստ կարիքի մէջ են։

Այժմ՝ իր ստեղծման հինգերորդ տարին, «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը ձեռնարկած է «Երախտագիտութիւնն՝ ի գործ» համաշխարհային շարժումը եւ աջակցած է աղքատութեան մէջ գտնուող եւ պատերազմներէ տուժած 15 երկրի աւելի քան 850.000 մարդու։ Ծանրագոյն պայմաններու մէջ գտնուող մարդոց օգնող մերօրեայ հերոսներու ճանաչումով մենք յարգանքի տուրք կը մատուցենք Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն։

Պատմական այս քուէարկութեան պահը յատկանշական է, քանի որ ընդամէնը երկու շաբաթ առաջ «Աւրորա» մարդասիրական մրցանակի մէկ միլիոն տոլարը յատկացուած է եզիտի իրաւապաշտպան Միրզա Տինայիին, որ «Իսլամական պետութեան» իրականացուցած վայրագութիւններուն ընթացքին օգնած է Իրաքի եզիտի համայնքի ամենախոցելի անդամներուն։

Վարդան Գրեգորեան՝ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր

Նուպար Աֆէյեան՝ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր

Ռուբէն Վարդանեան՝ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր

Թոմ Քաթինա՝ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան նախագահ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/10/2019, 12:58