Որոնել

Սուրիոյ վրայ թրքական յարձակում Սուրիոյ վրայ թրքական յարձակում 

Սուրիոյ վրայ Թրքական յարձակումը Սուրիացի գաղթականներու նոր ալիք մը կը ստեղծէ:

ՀՀ ԱԳՆ կը դատապարտէ Թուրքիոյ ներխուժումը

9 Հոկտեմբերին, թրքական բանակը հիւսիսային Սուրիոյ մէջ սկսաւ զինուորական նոր գործողութեան մը՝ ծանր հրետանիներով եւ ռազմական օդանաւերով ռմբակոծելով սահմանային շրջանները, որոնք կը գտնուին քիւրտերու հակակշիռին տակ։

Հազարաւոր քաղաքայիններ անգամ մը եւս փախուստ տուին՝ իբրեւ հետեւանք այս յարձակումին, որուն առաջին պահերուն իսկ քաղաքային զոհեր արձանագրուեցան, հակառակ իր դաշնակիցները լքելով՝ շրջանէն նոր հեռացած Միացեալ Նահանգներու եւ Անգարայի երաշխիքներուն։

Հայաստան կը դատապարտէ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջաններուն մէջ Թուրքիոյ կողմէ իրականացուող ռազմական ներխուժումը, որ կը յանգեցնէ տարածաշրջանային անվտանգութեան յետագայ վատթարացման, քաղաքացիական բնակչութեան կորուստներու, տեղահանուածներու մեծ հոսքի եւ ի վերջոյ մարդասիրական նոր ճգնաժամի: Յատկապէս մտահոգիչ իրավիճակ կը ստեղծուի ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու համար:

Այս ռազմական ներխուժումը կը ստեղծէ նաեւ ինքնութեան հիմքով մարդու իրաւունքներու ծանր եւ զանգուածային խախտումներու անմիջական վտանգ:

Հայաստան կոչ կ՛ընէ միջազգային գործնական ջանքեր գործադրելու այս ռազմական ներխուժումը դադրեցնելու, զանգուածային վայրագութիւնները կանխելու եւ Թուրքիոյ սահմանակից Սուրիոյ բնակչութիւնը պաշտպանելու ուղղութեամբ:

Հայաստան կ՛աջակցի Սուրիոյ միասնութեան եւ ինքնիշխանութեան եւ կոչ կ՛ընէ զերծ մնալու Սուրիոյ եւ անոր ժողովուրդին դէմ ռազմական ոտնձգութիւններէն: Հայաստանը պիտի շարունակէ տեղւոյն վրայ մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերել բարեկամ Սուրիոյ ժողովուրդին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/10/2019, 08:15