Այգի Այգի 

Արցախի մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ բերքի տօնը

Ստեփանակերտի վերածնունդի հրապարակին վրայ տեղի ունեցած ցուցահանդէս տօնավաճառին մասնակցեցան անհատ գիւղատնտեսներ ու Արցախի ու Հայաստան մէջ գործող կարգ մը արտադրող ընկերութիւններ:

Արցախի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ` Հոկտեմբեր 13-ին, Ստեփանակերտի մէջ կազմակերպուած էր բերքի տօն՝ գիւղատնտեսութեան աշխատողի օրուան նուիրուած:

Ըստ «Արցախփրես»-ի՝ Ստեփանակերտի վերածնունդի հրապարակին վրայ տեղի ունեցած ցուցահանդէս տօնավաճառին մասնակցեցան անհատ գիւղատնտեսներ ու Արցախի ու Հայաստան մէջ գործող կարգ մը արտադրող ընկերութիւններ:

Ցուցահանդէսին օրհնութեան խօսք ուղղեց հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք․ Մարտիրոսեան:

Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան, ազգային  ժողովի  նախագահ  Աշոտ  Ղուլեան,պետական  նախարար  Գրիգորի  Մարտիրոսեան,  պետական  այլ այրեր,  «Համագործակցութիւն յանուն արդարութեան եւ խաղաղութեան» խորագիրով Արցախի բարեկամներու համաժողովի ծիրին մէջ Արցախ այցելող տարբեր երկիրներու պատուիրակութիւններու ներկայացուցիչներ շրջեցան տաղաւարներով,  ծանօթացան շրջաններու եւ  անհատ ձեռներէցներու կողմէ ներկայացուած ապրանքներուն, տօնավաճառի մասնակիցներուն հետ զրուցեցին անոնց աշխատանքին մէջ ունեցած խնդիրներուն մասին:

Քաշաթաղի շրջանի վարչակազմի ղեկավար Ստեփան Սարգսեան ըսած է, որ իրենց շրջանը կը մասնակցի 24 տաղաւարով:

Խօսելով գիւղատնտեսութեան մասին` Սարգսեան նշած է. «Դաշտավարութեան համար տարին այնքան ալ բարենպաստ չէր, իսկ այգեգործութեան,բանջարեղէնի մշակութեան համար` լաւ: Քաշաթաղի շրջանին մէջ սկսած են ուշադրութիւն դարձնել մերձարեւադարձային մրգատու այգիներու մշակումին: Շրջանին մէջ կ՛աճեցնենք պանան, զէյթուն, կիուի, որոնք փորձանական փուլի մէջ են»:

Ասկերանի շրջանի վարչակազմի գիւղբաժնի վարիչ Արւիտ Ղուլեանի խօսքով` իրենց շրջանէն բերքի տօնին ներկայացած է 36 համայնք. Մասնակիցները նախորդ  տարուան համեմատ աւելի են: «Կը ներկայացնենք տարբեր ապրանքներ: Թէեւ գիւղատնտեսական տարին այնքան ալ բարենպաստ չէր շրջանին մէջ, բայց կրցանք ստանալ բաւարար բերք: Նկատելի է, որ այստեղ մեծ պահանջարկ կայ նուռի, գինիի, օղիի: Այս տարի մենք փորձած ենք աւելի շատ ուշադրութիւն դարձնել մթերքներու որակին: Գիները մատչելի են սպառողներու համար»,- աւելցուցած է ան:

Բերքի տօնին ներկայ Ֆրանսայի Առնուվիլ քաղաքի քաղաքապետ Փասքալ Տոլի խօսքով` ինք հիացած է նման նախաձեռնութեան կազմկերպմամբ:

«Վերջերս մենք Մարտունիի Շեխեր գիւղին հետ համագործակցութեան հռչակագիր ստորագրեցինք: Ունինք լաւ յարաբերութիւններ եւ պարբերաբար այցելելով Արցախ կրնանք օգտուիլ արցախեան բերք ու բարիքէն: Մեզի համար իւրայատուկ պահ է բերքի տօնին  մասնակցիլը: Արցախի մէջ ամէն ինչ իւրայատուկ համ ու հոտ ունի, իսկ Շախերի գինին պարզապէս անմահական  է»,- ըսած է Տոլ:

Քուեպեքի ազգային ժողովի անդամ Կի Ուելեթ նշած է, որ իրեն համար շատ հաճելի է, որ Արցախի մէջ կը կազմակերպուին նման տօներ, որուն կրնան մասնակցիլ բոլոր անոնք, որոնք արտադրանք ունին ներկայացնելու եւ վաճառելու:

«Այստեղ բոլորը ուրախ են ու ժպտերես: Արցախի այսօրուան շուկան շատ աւելի մեծ է, քան այլ երկիներունը: Ես համտեսած եմ նուռ, թոնիրի հաց, գինի եւ օղի: Ամէն ինչ հիանալի է», աւելցուցած է Կի Ուելեթ:

Բերքի տօնը կ՛ուղեկցուէր Արցախի երգ ուպարի կատարումներով։

Քաղուած Եռագոյնէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/10/2019, 08:51