Լիբանանի մէջ բողոք ցոյցերը կը շարունակուին: Լիբանանի մէջ բողոք ցոյցերը կը շարունակուին: 

11-րդ օրն ըլլալով մեծաթիւ ցուցարարներ լեցուցին Լիբանանեան քաղաքներուն հրապարակները

Լիբանանցի Բազմահազար Ցուցարարներ Մարդկային Շղթայով Հիւսիսային Լիբանանը Հարաւին Կապեցին 11-րդ Օրն Ըլլալով Մեծաթիւ Ցուցարարներ Լեցուցին Լիբանանեան Քաղաքներուն Հրապարակները

Անցնող շաբաթավերջին Պէյրութէն Լեռնալիբանան, Մեթնէն Թրիփոլի, Հալպա, Արսալ եւ հիւսիսային Լիբանան, մինչեւ Սուր, Նապաթիէ, Ալէյ եւ Շուֆ, հասնելով Պաալպեք եւ Զահլէ, լիբանանցիները մնացին նշեալ քաղաքներու, շրջաններու փողոցներուն մէջ, յատկապէս Կեդրոնական Պէյրութի հրապարակները մնացին մարդաշատ: Երէկ համաժողովրդային մարդաշատ ցոյցերը թեւակոխեցին իրենց 11-րդ օրը` լիբանանեան գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ:

Յատկանշական էր «Մարդկային շղթայ» նախաձեռնութիւնը, որ Սուրէն Թրիփոլի երկարող ձեռք-ձեռքի «Մարդկային շղթայ» մըն էր, որ կազմակերպուեցաւ երէկ` կիրակի, 27 հոկտեմբերին:

Մինչ այդ, «Հզօր Լիբանան» համախմբումի երեսփոխանները յայտարարեցին, թէ իրենց դրամատնային հաշիւներու գաղտնիութիւնն ու անձեռնմխելիութիւնը վերացնելու պատրաստակամ են, հրապարակներու վրայ գտնուող ցուցարարները շարունակեցին պահանջել ներկայ կառավարութեան եւ իշխանութեան պետերուն հրաժարականը:

Շաբաթ, 26 հոկտեմբերին «Հանրապետութեան նախագահի համախոհներ» անունով զօրակցական ցոյց մը կազմակերպուեցաւ Ժտէյտէէն Ժալ Էլ Տիպ, որ կասեցուեցաւ լիբանանեան բանակին կողմէ` հաւանական բախումի առաջքը առնելով: Ազգային ազատ հոսանքի համախոհները շարունակեցին իրենց ջանքերը Զուքի, Ժալ Էլ Տիպի եւ Շեւրոլէի շրջաններուն մէջ բանալու ճամբաները, որոնք փակուած կը մնան ժողովրդային շարժումի ցուցարարներուն կողմէ:

Շաբաթ, 26 հոկտեմբերի յետմիջօրէի ժամը 4:30-ին լիբանանեան բանակը փորձեց բանալ Թրիփոլի – Աքքար ճամբան Պըտտաուի շրջանին մէջ: Յառաջացաւ բախում բանակին եւ ցուցարարներուն միջեւ: Բանակին արձակած կրակոցներուն պատճառով, «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, արձանագրուեցաւ 10 վիրաւոր` ցուցարարներու շարքերուն մէջ:

Երէկ յայտարարուեցաւ նաեւ, որ ժողովրդային շարժումը այսօր որոշած է Լիբանանի բոլոր հիմնական մայրուղիները փակել ինքնաշարժներով` անդամալուծելու համար երկրին երթեւեկը:

Նասըրական շարժումի ընդհանուր քարտուղար Ուսամա Սաատ ընկերային ցանցերուն վրայ կատարած գրառումին ընդմէջէն յայտարարեց հետեւեալը. «Ապստամբ երիտասարդները կը թակեն ժամանակակից պետութեան դռները, ձայները կը բարձրանան հրապարակներուն վրայ, փոփոխութիւնը կու գայ, կու գայ: Փտածութեան եւ թալանի կայսրերուն պատշպանութիւնները թող իյնան»: Ան շեշտեց, որ Նասըրական շարժումը պիտի մնայ հրապարակներուն վրայ:

Սաատ իր գրառումին կցած էր Սայտայի մէջ Նասըրական շարժումի ժողովրդային պահանջատիրութեան երթերէն մէկուն նկարը:

Աւագ քննիչ դատախազ Ղասսան Օուէյտաթ հրահանգեց արգիլել ամերիկեան տոլարը լումայափոխներու եւ առեւտրականներու պայուսակներուն մէջ երկրէն դուրս հանելու գործողութիւնները` օդակայանին եւ սահմանային անցքերուն միջոցով, որոնք կ՛իրականացուին լիբանանեան մաքսային մարմիններու կողմէ հաստատուած բնականոն արտօնութեամբ: Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի հետ համակարգելէ ետք, որոշում տրուեցաւ, որ մաքսային մարմինը պիտի որդեգրէ Կեդրոնական դրամատան կողմէ ճշդուելիք օրէնքներ` այս գործողութիւններուն գծով:

Մուսթաքպալ երեսփոխանական պլոքի անդամ Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ կառավարական պահանջուած փոփոխութիւնը պէտք է ընդգրկէ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլը, այլապէս ժողովուրդը պիտի չընդունի այդ փոփոխութիւնը: Ան աւելցուց, որ վարչապետ Հարիրի կը ձգտի այլընտրանքի մը, որ հրաժարիլն է` ըստ ցուցարարներու պահանջին, նախապէս համաձայնեցուած մասնագէտներէ կազմուած կառավարութեան սահուն անցում ապահովելով: Ալլուշ շեշտեց, որ վարչապետ Հարիրի չ՛ուզեր դատարկութիւն, որ կը յանգեցնէ իրավիճակի վատթարացման:

Ալլուշ բացատրեց, որ ինք վարչապետին յանձնարարած է հրաժարիլ, եթէ չկարենայ բան մը ընել եւ չյաջողի ժողովուրդը փողոցէն դուրս բերել` նշելով, որ ատիկա Հարիրիին որոշումը չէ: Ան դիտել տուաւ, որ բացարձակ մերժում մը կայ նախագահ Աունի եւ Պասիլի կողմէ` Պասիլի դուրս մնալուն գծով, հակառակ որ Պասիլի` կառավարութենէն դուրս գալը պիտի փրկէ նախագահ Աունի իշխանութիւնը, որուն մնացած է երեք տարի:

Ան յայտնեց, որ վարչապետին կողմէ որեւէ լուծում պէտք է ներառէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթը, որպէսզի հարցը կարգաւորուի` տրուած ըլլալով, որ պէտք է փոխուին 5 իսլամ նախարարներ` 5 քրիստոնեայ նախարարներու դիմաց (4 Լիբանանեան ուժեր + Պասիլ):

Ան շարունակեց ըսելով, որ հաստատօրէն Հարիրիի կողմէ չէ լսած հրաժարելու մասին:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ մատուցուած սուրբ  պատարագի ընթացքին յայտնեց, որ անօթին պէտք ունի հացի եւ ճաշի, ինչպէս նաեւ գիտութեան եւ գործի, ծարաւը կարիք ունի ջուրի, արդարութեան, արժանապատուութեան, հիմնական իրաւունքներու, իսկ մերկը կարիքը ունի հագուստի, կօշիկի, տունի, ինչպէս նաեւ գործի եւ հասարակութեան մէջ տեղի եւ դերակատարութեան: Ան աւելցուց, որ անծանօթը այն է, որ կ՛ապրի տարբեր հայրենիքի մը մէջ, կ՛ապրի օտարութեան դառնութիւնը իր հայրենիքին մէջ, որ իրեն թոյլ չի տար խթանելու իր կարողութիւնները եւ մասնակցելու հայրենիքի բարգաւաճման, ուրեմն կ՛ապրի մեկուսացման դառնութեան մէջ` յայտնելով նաեւ, որ բանտարկեալը կ՛ապրի ցողերու ետին, եւ ան ճնշման, բռնակալութեան եւ անարդարութեան բանտարկեալ է որոշումներ տուող ազդեցիկ մարդոց կողմէ, որոնք նաեւ սահմանադրական հաստատութիւններու եւ հանրային վարչութիւններու աշխատանքին հոլովոյթը կ՛որոշեն:

Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ լիբանանցի ժողովուրդը իր երեխաներով, երիտասարդներով, տարեցներով եւ կիներով կ՛ապրի իր դրական բարեփոխման յեղափոխութիւնը, որովհետեւ ան կը տագնապի նիւթապէս, բարոյապէս, տնտեսապէս, հոգեպէս եւ ապրուստի պատճառով: Ան պետական ղեկավարներուն կոչ ուղղեց չթերագնահատելու խաղաղ ու քաղաքակիրթ ցուցարարները եւ անոնց պոռթկումը չվերածելու կուսակցական պայքարի կամ գաղափարական կործանարար նպատակներու:

Պատրիարքը դիտել տուաւ, որ ժողովուրդը, իր տարբեր համայնքներով, կը կրէ միայն լիբանանեան դրօշակը եւ ունի արդարացի պահանջներ, ինչ որ ցոյց կու տայ, որ մեր պատմական ազգային մշակոյթը խաղաղութեան եւ արժանապատիւ կեանք ունենալու մշակոյթ է` այլազանութիւն գրկող երկրի մը մէջ:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ միասին ապրելու մշակոյթը կը կեդրոնանայ ազատութեան, այլազանութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան արժէքներուն վրայ եւ որեւէ իշխանութիւն, որ այս արժէքները չ՛երաշխաւորեր եւ անոնց չի ծառայեր, չի կրնար օրինական ըլլալ: Ան յիշեցուց, որ ըստ Սահմանադրութեան, ժողովուրդը իշխանութիւններու աղբիւրն է եւ օրինականութեան հիմքը, եւ քաղաքական իշխանութիւնը պէտք է լսէ անոր պահանջները, նախքան ուշ ըլլալը:

Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ ցուցարարները տակաւին կը պահանջեն նոր, սեղմ եւ չէզոք կառավարութիւն, որ կազմուած ըլլայ յայտնի եւ վստահելի մարդոցմէ, կառավարութիւն մը, որուն շուրջ նախապէս համաձայնութիւն գոյացած ըլլայ, որպէսզի դատարկութիւն չստեղծուի եւ յաջողի իրագործել վարչապետ Հարիրիի առաջարկած բարեկարգումներու ծրագիրը: Ան նշեց, որ ցուցարարները կ՛ընդունին այդ ծրագիրը, բայց չեն հաւատար, որ ներկայ կառավարութիւնը կարողութիւնը ունի ատիկա իրագործելու` նշելով, որ «Սետր»-ի խորհրդաժողովէն ետք անցած են 2 տարիներ, բայց ոչ մէկ պահանջուած բարեկարգում իրագործուած է, որպէսզի կարելի ըլլայ օգտուիլ «Սետր»-ի տրամադրած գումարներէն:

Ռայի պատրիարք քաղաքական ուժերէն պահանջեց արձագանգել հանրապետութեան նախագահի կոչին եւ ժողովուրդի պոռթկումին, որովհետեւ, ըստ անոր, Լիբանանի մէջ քաղաքական համակարգը ժողովրդավարական է եւ ոչ բռնատիրական, այլազան է եւ ոչ միատեսակ, ազգային է եւ ոչ համայնքային, եւ ժողովուրդը իշխանութիւններուն աղբիւրն է, եւ ոչ ոք իրաւունք ունի իր կարծիքը եւ կամքը պարտադրելու ժողովուրդին վրայ: «Ո՜վ քաղաքական գործիչներ, ինչպէս որ ընտրութիւններուն ժամանակ կը փնտռէիք մարդոց գոհունակութիւնը եւ ձայնը, այժմ փնտռեցէ՛ք, որ ժողովուրդը ինչպէս կը գոհանայ, որպէսզի յաւիտեան չկորսնցնէք անոր վստահութիւնը», կոչ ուղղեց Ռայի պատրիարքը:

Ռայի պատրիարքը ցուցարարներուն կոչ ուղղեց հեռու մնալու կուսակցական եւ համայնքային վէճերու փորձառութիւններէն, դիւրացնելու քաղաքացիներու երթեւեկի իրաւունքը եւ ենթարկուելու բանակին ու ապահովական ուժերուն, որպէսզի Լիբանանի մէջ չկրկնուի արաբական կործանարար գարունը:

Նախկին երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա նշեց, որ ժողովուրդին բարձրացուցած բոլոր պահանջները արդարացի են, բայց այս շարժումները տարբեր բնոյթ ստացան, երբ մուտք գործեցին օտար դեսպանատուներու կարգախօսները, եւ յստակ դարձաւ ֆինանսաւորման աղբիւրը:

Ան հարց տուաւ, թէ արդեօք այս ձեւով կը կառուցուի՞ աշխարհիկ երկիր մը, թէ՞ այս շարժումը նպատակ ունի քանդելու երկիրը` յայտնելով, որ կան ոմանք, որոնք կ՛ուզեն յատուկ օրակարգեր իրականացնել` «դժբախտութեան եւ չարիքի հաշուոյն»:

Ան հաստատեց ժողովուրդի պահանջներուն արդարացիութիւնը` անընդունելի նկատելով մարդոց մահը հիւանդանոցներուն դռներու առջեւ: Սակայն ան հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ միայն այսօր յարձակում կը գործուի փտածներուն վրայ եւ ինչո՞ւ յարձակումը ուղղուած է միայն հանրապետութեան նախագահին, նախարար Պասիլին եւ Ազատ հոսանք կուսակցութեան դէմ: Ան յայտնեց, որ ինք 2016-էն ի վեր վերցուցած է իր դրամատնային հաշիւի գաղտնիութիւնը: Ան ապա մերժեց «Բոլորը, այսինքն` բոլորդ» կարգախօսը` նշելով, որ կան քաղաքական գործիչներ, որոնք ժողովուրդին ծառայելու օրինագիծեր առաջարկած են:

Նիքոլա հարցուց, թէ ո՞ւր գացած են Բարգաւաճման եւ վերակառուցման խորհուրդի գումարները` ենթակառոյց շինելու համար, եւ թէ ո՞վ գողցած է Սոլիտերի դրամները:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ընկերային ցանցերուն մէջ իր կատարած գրառումին մէջ իր խօսքը ուղղեց անոնց, որոնք կը փորձեն թիրախ դարձնել Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը` անոնց յանձնարարելով կեդրոնանալ ժողովուրդին պահանջներուն վրայ, փոխանակ ժամանակ վատնելու իրենց կուսակցութեան վրայ յարձակելով:

Վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներ «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ մինչեւ այս պահը չկայ որեւէ որոշում կառավարութեան մէջ փոփոխութիւններ կատարելու կամ կառավարութեան հրաժարականը ներկայացնելու: Կ՛ըսուի, որ կը շարունակուին հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները` հասնելու համար համաձայնութեան եւ փորձելու բանալու ճամբաները, պահպանելով ցոյցերը շարունակելու իրաւունքը հանրային հրապարակներուն վրայ, առանց երկրին յօդերը կտրելու:

Աղբիւրները յայտնած են նաեւ, որ դատարկութիւնը անկարելի է այս փուլին, քանի որ ատիկա պիտի պատճառէ ապահովական եւ տնտեսական հետեւանքներ` նշելով, որ բոլոր լուծումները սեղանի վրայ են եւ քննարկելի:

Աղբիւրները «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին նաեւ յայտնեցին, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները կը շարունակուին` հասնելու համար քաղաքական լուծումի մը: Կողմերը համաձայնած են խուսափելու կառավարական դատարկութենէն, եւ եթէ համաձայնութիւն գոյանայ նոր կառավարութեան շուրջ, ապա ընթացիկ գործերը կատարելու կառավարութեան պաշտօնավարումը պէտք չէ քանի մը ժամէն աւելի տեւէ:

Աղբիւրները հաստատեցին, որ նախագահ Աուն բաց է վարչապետ Հարիրիի առաջարկներուն դիմաց` սահմանադրական շրջանակներու ծիրին մէջ, նշելով, որ միացեալ չափանիշներ պէտք է կիրարկուին բոլորին վրայ, եթէ համաձայնութիւն գոյանայ նոր կառավարութիւն կազմելու գծով:

«Անոնք համաձայն են, որ ճամբաները վերջնականապէս բացուին, այլ ոչ պարագայական ձեւով», ընդգծեցին աղբիւրները:

Դրամատուներու միութիւնը երէկ յայտարարեց, որ երկրին մէջ տիրող կացութեան պատճառով, դրամատուները փակ պիտի մնան նաեւ այսօր` երկուշաբթի, 28 հոկտեմբերին:

Երկրին մէջ տիրող պայմաններուն պատճառով այսօր փակ կը մնան նաեւ համալսարաններն ու դպրոցները:

Կեդրոնական դրամատունը երէկ յայտարարեց, որ երեք լումայափոխներ, որոնք ունէին արաբական տարբեր դրամանիշներ, մտան Լիբանան: Այդ դրամանիշները փոխանակուած են ամերիկեան տոլարներով` Պէյրութի շուկաներուն մէջ, որպէսզի ղրկուին Թուրքիա:

Կեդրոնական դրամատունը հաղորդագութեան մը մէջ կոչ կ՛ուղղէ լումայափոխներուն եւ լումայափոխութեան ընկերութիւններուն Կեդրոնական դրամատան կողմէ արտօնագիր ունենալու, որպէսզի կարելի ըլլայ այդ դրամները ուղարկել դրամատան կողմէ արտօնագրուած ընկերութիւններու միջոցով, կամ` դիմել արտօնագիր ստանալու համար Կեդրոնական դրամատան կողմէ, ըստ անոր կողմէ հրապարակուած լումայափոխութեան գործերու եւ դրամ ուղարկելու պահանջուած դրամագլուխով շրջաբերականներու հիման վրայ` աւելցնելով, որ երբ ուղարկուած գումարներուն վերաբերեալ սահմանափակումներ չկան, կարիք չկայ նախնական արտօնութիւն պահանջելու:

Նշուած է նաեւ, որ բոլորին ծանօթ է, որ երբ արաբական թուղթէ դրամանիշներ կը մտնեն Լիբանան, անոնք ետ կ՛ուղարկուին արտադրուած երկիրը, ուր կը փոխարինուին ամերիկեան տոլարով, եւ կ՛ուղարկուին Լիբանան: «Լիբանանի արժութային շուկան պիտի մնայ ազատ, Կեդրոնական դրամատան ներկայ օրէնքներուն եւ շրջաբերականներուն հիման վրայ: Կեդրոնական դրամատունը նոր շրջաբերական պիտի չհրապարակէ այս գծով»:

Հանրապետութեան նախագահի քաղաքական հարցերու խորհրդական, նախկին նախարար Փիեռ Ռաֆուլ Աւստրալիոյ Վիքթորիա նահանգին մէջ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կողմէ կազմակերպուած դասախօսութեան ընթացքին անդրադարձաւ լիբանանեան վերջին զարգացումներուն: Ան յայտնեց, որ նախագահ Աուն նպատակ չունի նոր կառավարութիւն կազմելու` նշելով, որ երկիրը այսօր կարիքը ունի քաղաքական կառավարութեան, որպէսզի լուծուին հարցերը, ինչ որ մեծ ճիգ կը պահանջէ:

Ան ընդգծեց, որ ոչ ոք կրնայ Լիբանանի ներկայ կացութիւնը փոխել` հաստատելով, որ ձախողութեան համար ամբաստանուած նախագահ Աունի իշխանութիւնը երեք տարիէ ի վեր կը կատարէ իր սահմանադրական պարտականութիւնները` հակառակ անոր առջեւ ծառացած բոլոր մարտահրաւէրներուն: Ան շեշտեց, որ Լիբանան այլեւս չի կրնար սուրիացի տեղահանուածներու մեծ թիւով գոյութեան բեռը շալկել, եւ ժամանակը հասած է լուծում գտնելու այս հարցին:

Ինչ կը վերաբերի վարչապետ Հարիրիի կառավարութեան հրաժարականի հաւանականութեան եւ մասնագէտներէ կազմուած կառավարութեան կազմութեան, Ռաֆֆուլ բացատրեց, որ ատիկա բացարձակապէս կարելի չէ Լիբանանի ներկայ կացութեան մէջ:

Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը կոչ ուղղեց երկխօսութեան միջոցով արդար լուծումներ գտնելու Լիբանանի դիմագրաւած քաղաքական եւ ընկերային տագնապին:

Պապը Վատիկանէն յայտարարեց, որ ինք կը մտածէ սիրելի Լիբանանի ժողովուրդին, յատկապէս երիտասարդներուն մասին, որոնք վերջին օրերուն իրենց ձայնը բարձրացուցին երկրին մէջ տիրող ընկերային եւ տնտեսական հարցերուն եւ մարտահրաւէրներուն դէմ իբրեւ բողոք:

Պապը ընդգծեց, որ Լիբանան պէտք է գոյատեւէ միջազգային ընտանիքի աջակցութեամբ, որպէսզի ըլլայ խաղաղ գոյակցութեան տարածք, ուր կը յարգուին իւրաքանչիւր անձի արժանապատուութիւնը եւ ազատութիւնը:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ ընկերային ցանցերուն վրայ կատարած գրառումին մէջ յայտնեց, որ հեռու մեղադրանքներէ, թերահաւատութենէ, երկիրը  դաւադրութեան տեսութիւններու կապելէ եւ չհասնելու համար փլուզումի, պէտք է կազմել նոր կառավարութիւն, որ չ՛ընդգրկեր քաղաքական հոսանքներ եւ կուսակցութիւններ, եւ կու տայ ցնցիչ ներքին եւ արտաքին վստահութիւն եւ անոր առաջնահերթութիւնը կ՛ըլլայ նիւթական կացութեան եւ պարտքի հարցի լուծումը, որովհետեւ ամէն մէկ ուշացումի վայրկեան կորուստը աւելի մեծ կը դարձնէ:

Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ հաստատեց, որ իրենք ժողովուրդին հետ են եւ կը հասկնան անոր ցաւերն ու հոգերը: Ան արդարացի նկատեց այն յեղափոխութիւնը, որ կը բխի ժողովուրդի ցաւերէն:

Ֆրենժիէ նշեց, որ շարժումը առաջին օրերէն իսկական պոռթկումի ձեւ առաւ, սակայն յաջորդող օրերուն ինչ որ պարզուեցաւ կը մղէ զգուշ ըլլալու` նշելով, որ կայ մտավախութիւն այս շարժումը շահագործելու` քաոս ստեղծելու համար:

Ֆրենժիէ նշեց, որ բողոցի ցոյցերը փաստեցին իրենց կարողութիւնը հարցերը աշխուժացնելու եւ իշխանութեան մղելու մանրակրկիտ քննութիւն կատարելու: Ան աւելցուց, որ եթէ իշխանութիւնը անցեալին տուած ըլլար այդ բարեկարգումներու որոշումը, ապա այսօր ժողովուրդը որոշ վստահութիւն կ՛ունենար անոր աշխատանքի լրջութեան նկատմամբ:

Ան բացատրեց, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ դժուար փուլ մը, հետեւաբար պէտք է խուսափիլ բնազդային ու զգացական արձագանգներէ եւ ըլլալ ուշադիր ու գիտակից: Ան դիտել տուաւ, որ մարդոց զգացումները եւ ցաւերը շահագործելը հարցեր ստեղծելու ամէնէն դիւրին ճամբան է:

Ֆրենժիէ շեշտեց իր հոսանքին հաստատակամութիւնը իրենց դաշնակիցներուն հետ, յատկապէս Դիմադրութեան հետ:

Քաղուած Ազդակէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/10/2019, 08:10