Գրիգոր Պետրոս Ի Պատրիարքն ու ՀՅԴ Հայաստանի գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչները Գրիգոր Պետրոս Ի Պատրիարքն ու ՀՅԴ Հայաստանի գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչները 

ՀՅԴ Հայաստանի գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը եւ նախագահը հանդիպումներ ունեցան Հայ Կաթողիկէ Եւ Հայ Աւետարանական հոգեւոր պետերուն հետ:

Կաթողիկէ եւ աւետարանական հոգեւոր պետերուն հետ հանդիպումին արծարծուեցան Հայաստան-սփիւռք կապերը, հայ եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը սփիւռքի հայապահպանման գործին մէջ:

Աշխատանքային այցելութեամբ Լիբանան գտնուած ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան եւ Գերագոյն մարմինի նախագահ Սիմոն Սիմոնեան երեքշաբթի, 1 հոկտեմբեր 2019-ին, ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յակոբ Հաւաթեանի, անջատ հանդիպումներ ունեցան Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքի եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի հետ:

Կաթողիկէ եւ աւետարանական հոգեւոր պետերուն հետ հանդիպումին արծարծուեցան Հայաստան-սփիւռք կապերը, հայ եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը սփիւռքի հայապահպանման գործին մէջ, Հայաստանի ներքին կեանքն ու երկրին դիմագրաւուած դժուարութիւնները:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/10/2019, 08:14