WCIT 2019 WCIT 2019 

Երեւանի մէջ սկիզբ առաւ WCIT 2019 ՏԱ համաշխարհային համաժողովը:

Հայաստանը յառաջիկայ երեք օրերուն պիտի ըլլայ արհեստագիտութիւններու կեդրոն:

Երեւանի Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու համաշխարհային համաժողովի (WCIT-2019) պաշտօնական բացման արարողութիւնը: «Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` Հոկտեմբեր 7-ին բացման արարողութեան ընթացքին ելոյթ ունեցած ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր ելոյթին ընթացքին դիմելով համաժողովի հիւրերու ընդգծած է, որ կը հաւատան,  թէ Հայաստանը կրնան դարձնել դրախտ տաղանդաւոր մարդոց համար եւ յոյս հայտնած, որ այս իրադարձութիւնը շատ բան պիտի փոխէ արհեստագիտութիւններու  աշխարհի և ՀՀ-ի յարաբերութիւններու մէջ։

«WCIT 2019» կազմակերպչական կոմիտէի նախագահ Ալեքսանդր Եսայեան բացման պօսքին մէջ ըսաւ․ «Այսօր ինծի համար մեծ պատիւ է ողջունել ձեզ Հայաստանի մէջ: Տարիներ առաջ մենք կրցանք հաղթել մեր առաջարկով և այս կարևոր համաժողովը բերել Հայաստան: Հայաստանը յառաջիկայ երեք օրերուն պիտի ըլլայ արհեստագիտութիւններու կեդրոն: Ես շատ ուրախ եմ ողջունելու մեր բոլոր հիւրերը, որոնք եկած են աշխարհի տարբեր երկիրներէ: Բարի գալուստ մեր երկիր»:

Օրուան ընթացքին նախատեսուած են շարք մը քննարկումներ, որոնց զուգահեռ տեղի պիտի ունենայ տարբեր ձեռնարկներ:

ՏԱ համաշխարհային համաժողովը հիմնադրած է Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու եւ ծառայութիւններու համաշխարհային դաշինքը: Համաժողովը կը կազմակերպէ Առաջատար արհեստագիտութիւններու ձեռնարկութիւններու միութիւնը:

Այս տարի «WCIT» ՏԱ համաշխարհային համաժողովի թեման է` «Ապակենտրոնացման ուժը. ակնկալիք եւ վտանգ»: Հոկտեմբեր 6-9 տեղի ունեղող համաժողովի ընթացքին պիտի քննարկուին, թէ ինչպէս տեղեկատուական եւ հաղորդակցութեան արհեստաիտութիւնները թէ՛ դրական, թէ՛ բացասական առումներով կը վերափոխեն մեր կեանքը, ինչ ազդեցութիւն կ՛ունենան շահոյթի եւ բարեկեցութեան, ապահովութեան եւ անվտանգութեան, ժողովրդավարութեան եւ մարդասիրութեան վրայ: Երեւանեան համաժողովին կը սպասուի աւելի քան 2500 մասնակից` 70 երկրէ:

23-րդ համաշխարհային համաժողովի` WCIT-2019-ի ժամանակ յատուկ զեկոյցով հանդէս պիտի գան Հայաստան ժամանած աշխարհահռչակ Քիմ Քարտաշեան: «Գաղափարներու շուկա» խորագիրով քննարկման Քարտաշեան, որպէս ընկերային ցանցերու մէջ ամենաշատ հետեւորդներ ունեցող անձերէն մին, պիտի կիսուի իր փորձով,  ներկայացնէ, թէ ինչպէս կարելի է այդ հարթակները օգտագործել գործի զարգացման համար:

Քաղուած Եռագոյնէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/10/2019, 08:00