Որոնել

Ryanair իրլանտական ընկերութիւն Ryanair իրլանտական ընկերութիւն 

«Արմենիա միջազգային օդանաւակայաններ»-ը 20 միլիոն դոլարի ներդրում պիտի կատարէ Գիւմրիի օդակայանին մէջ:

«Արմենիա միջազգային օդանաւակայաններ» ընկերութիւնը կը նախատեսէ 20 միլիոն տոլարի ներդրում կատարել Գիւմրիի օդակայանի զարգացման համար:

«Արմենիա միջազգային օդանաւակայաններ» ընկերութիւնը կը նախատեսէ 20 միլիոն տոլարի ներդրում կատարել Գիւմրիի օդակայանի զարգացման համար: Այս մասին յայտարարեց ընկերութեան տնօրէն Մարսելօ Վենտեն Հոկտեմբեր 16-ին հրաւիրուած ասուլիսի ժամանակ` յայտարարելով եւրոպական նոր` Ryanair իրլանտական ընկերութեան մուտքը հայկական օդափոխադրութեան շուկայ: Ան չուերթներ պիտի իրականացնէ դէպի Երեւան եւ Գիւմրի` ամէն տարի աւելցնելով չուերթներու յաճախականութիւնը: «Ընկերութիւնը մեծ օգուտ պիտի բերէ երկրին` նոր ուղղութիւններով եւ շատ զբօսաշրջիկներով: Հայաստանցիները տարբեր ուղղութիւններով ու աժան տոմսերով շրջագայելու հնարաւորութիւն պիտի ունենան: Կարեւոր է, որ Գիւմրիի օդակայանը զարգանայ, քանի որ ՀՀ կառավարութիւնը եւս հետաքրքրուած է այդ հարցով: Ապրիլին, երբ Ryanair-ը սկսի չուերթները, այնտեղ պատրաստ պիտի ըլլայ նոր ժամանման սրահը, ուր հնարաւոր պիտի ըլլայ նոր չուերթներ ընդունել»,-«Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` յայտարարած է Վենտեն:

Քաղուած Եռագոյնէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/10/2019, 08:34