Որոնել

Լիբանանի մէջ բողոքի ցոյցեր Լիբանանի մէջ բողոքի ցոյցեր 

Իշխանափոխութիւն պահանջող զանգուածային ցոյցեր Լիբանանի մէջ

Լիբանանի իշխանութիւններուն հարկային քաղաքականութեան դէմ Հինմգշաբթի օր Պէյրութի մէջ բռնկած բողոքի ցոյցը արագօրէն տարածուեցաւ եւ հասաւ մինչեւ Պեքաա:

ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Յաջորդական երկրորդ օրն ըլլալով, Ուրբաթ, 18 Հոկտեմբերին, Լիբանանի տարածքին, զանգուածային բողոքի ցոյցերը եւ անոնց ընկերացող բռնարարքները ու բախումները շարունակուեցան՝ պահանջելով երկրի ղեկավարներուն հրաժարականը, զանոնք ամբաստանելով իրենց սեփական շահերը յառաջ մղելով՝ երկիրը սնանկացնելու յանցանքով։

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի օր սկսած ցոյցերուն հակադարձելով՝ վարչապետ Սաատ Հարիրի յայտարարեց, որ կառավարութեան մէջ իրեն ընդդիմացողներն են, որոնք դէմ կը դնեն բարեկարգումներու եւ անոնցմէ պահանմջեց, որ յառաջիկայ 72 ժամերուն երաշխիքներ տան իրեն, որ միացեալ ջանքերով պիտի որդեգրեն տնտեսութիւնը բարելաւել միտող համապարփակ ծրագիր մը։

Լիբանանի իշխանութիւններուն հարկային քաղաքականութեան դէմ Հինմգշաբթի օր Պէյրութի մէջ բռնկած բողոքի ցոյցը արագօրէն տարածուեցաւ եւ հասաւ մինչեւ Պեքաա, ինչպէս նաեւ երկրին հիւսիսային եւ հարաւային քաղաքները եւ գիւղերը:

Ապահովական մարմիններուն տուեալներով՝ ցարդ սպաննուած են առնուազն երկու ցուցարարներ եւ վիրաւորուած տասնեակներով ուրիշներ, որոնց շարքին՝ ոստիկաններ:

Մինչ այդ, Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ, որ նախագահ Միւշէլ Աունի փեսան է, «այլ կուսակցութիւններ» ամբաստանեց տնտեսական բարեկարգումներուն դէմ դնելու յանցանքով, իսկ տիւրզիներու Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ վարչապետ Հարիրիի հետ հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած է եւ անոր առաջարկած է կառավարութենէն միասնաբար հրաժարիլ:

Իր կարգին, «Հըզպալլա»ի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա Շաբաթ օր պատկերասփռուելիք ճառով մը պիտի անդրադառնայ լիբանանեան ներքին իրադարձութիւններուն։

Քաղուած Ասպարէզէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/10/2019, 13:45