Նորածինի մը լուսանկար: Նորածինի մը լուսանկար: 

Հայաստանի մէջ առաջին եւ երկրորդ երեխայի ծննդեան նպաստը 300 հազար պիտի ըլլայ:

300 հազար դրամ: Գործող կարգով առաջին եւ երկրորդ երեխաներուն համար այժմ սահմանուած է 50 հազար եւ 150 հազար դրամ:

Հայաստանի մէջ երեխայի ծննդեան միանուագ նպաստի չափը պիտի աւելնայ 1 Յուլիս 2020-էն սկսեալ: Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ յաջորդ տարուան պետական պիւտճէի նախագիծի քննարկման ընթացքին այս մասին յայտնեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

«Երեխայի ծննդեան միանուագ նպաստը պիտի ըլլայ 300 հազար դրամ: Գործող կարգով առաջին եւ երկրորդ երեխաներուն համար այժմ սահմանուած է 50 հազար եւ 150 հազար դրամ, բայց այդ թիւերը պիտի աւելնան (հասնելով 300 հազարի): Մենք մինչեւ 2 տարեկան երեխայի խնամքի նպաստի չափի աւելացում պիտի ունենանք՝ 25,500 դրամ, գործող 18,000 դրամի փոխարէն: Ծնելիութեան աճի խթանման ուղղուած ծրագիրներ պիտի իրականացուին»,- նշեց վարչապետ Փաշինեան:

Ան յիշեցուց, որ արդէն աւելցած է ուսուցիչներու աշխատավարձը: Կատարուած է ուժային կառոյցներու աշխատողներու միջին աշխատավարձի 10 տոկոսով բարձրացում, Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան Փրկարար ծառայութեան աշխատողներու աշխատավարձի բարձրացում՝ 30 տոկոսով, անտառապահներու եւ անտառապետերու աշխատավարձերու բարձրացում՝ 20,000 դրամով:

«Բացի այդ, մենք պիտի ունենանք կենսաթոշակներու միջին չափի բարձրացում 10 տոկոսով»,- յայտնեց վարչապետ Փաշինեան:

Քաղուած Եռագոյնէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/10/2019, 08:33