Անիի եկեղեցին Անիի եկեղեցին 

Անիի մէջ կրկին սկսած են հնագիտական պեղումներու:

Անիի աւերակներուն մէջ Սեպտեմբեր 23-էն կրկին սկսած են հնագիտական պեղումները:

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ ներառուած Անիի աւերակներուն մէջ կրկին հնագիտական պեղումներու սկսած են:

Ըստ կայքին` Անիի աւերակներուն մէջ շրջած են նահանգապետ Թիւրքեր Օքսիւզը, Մշակոյթի եւ զբօսածրջութեան տնօրէն Հաքան Տողանայը, Անիի թանգարանի տնօրէն Եուչել Քումանտաշը, շրջանի ոստիկանութեան գունդի հրամանատար Հիտայեթ Արըքանը եւ պեղումներու խորհրդատու, Կովկասի համալսարանի դասախօսական անձնակազմէն Մուհամետ Արսլանը:

Նահանգապետ Օքսիւզը նշած է, որ Կարսի թանգարանի տնօրինութեան եւ Կովկասի համալսարանի արուեստի պատմութեան բաժնի կողմէ Անիի աւերակներուն մէջ Սեպտեմբեր 23-էն կրկին սկսած են հնագիտական պեղումները: Ան աւելցուցած է նաեւ, որ մինչ այդ ժամանակ առ ժամանակ տարբեր համալսարաններու դասախօսներու գլխաւորութեամբ այդպիսի պեղումներ իրականացուած են: Օքսիւզ աւելցուցած է․ «Այսօր մեր կողմէ սկիզբ առած պեղումները կ՛իրականացուին Թանգարանի տնօրինութեան գլխաւորութեամբ եւ Կովկասի համալսարանէն Մուհամմետ Արսլանի խորհրդակցութեամբ: Մեր նպատակը այստեղի թէ՛ պատմական, թէ՛ մշակութային կարեւորութիւնը մէկ անգամ եւս երեւան հանելն է եւ պեղումներէն ետք այս հիասքանչ մշակութային հարստութիւնը եկող սերունդներուն ներկայացելը: Ինչպէս յայտնի է, Անին շատ կարեւոր պատմական վայր է, իսկ զբօսաշրջիկներու թիւը կ՛աճի:  2017-ին Անի այցելած է մօտ 60 հազար զբօսաշրջիկ: 2018-ին այդ թիւը հասաւ 95 հազարի: Վստահ եմ, որ 2019-ին աւելի շատ այցելուներ պիտի ունենանք»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/10/2019, 14:18