ԵՈՒՆԻՍԵՖ ԵՈՒՆԻՍԵՖ 

ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի կոչը ի նպաատ 1.1 միլիոն մանուկներու ցուրտէն պաշտպանութեան։

Անցեալ տարի ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի նուիրատուներու շնորհիւ 850 հազար մանուկներ օգնութիւններ ստացան դիմագրաւելու համար ցուրտ եղանակը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Եգիպտոսի, Իրաքի, Յորդանանի, Լիբանանի, Պաղեստինի, Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ մէջ աւելի քան 1.1 միլիոն մանուկներ կարիքը ունին պաշտպանուելու ցուրտէն ու այս ուղղութեամբ ԵՈԻՆԻՍԷՖը  կոչ ուղղած է աջակցելու իր քարոզարշաւին ու նախ քան ձմեռուան ժամանումը՝ պէտք եղած միջոցները որդեգրել, անոնց ապահովեցնելու համար ձմեռային զգեստներ՝ բաղկացած բաճկոններէ, տաբատներէ, ձեռնոցներէ, գլխարկներէ, կօշիկներէ, գուլպաներէ,  ջերմային վերմակներէ, ջեռուցումէ, կեանքի համար փրկարար բժշկական օգնութենէ, ինչպէս նաեւ դպրոցներուն համար  ջեռուցումէ, որպէսզի երեխաները հնարաւորութիւնն ունենան շարունակել իրենց ուսումը՝ տաք միջավայրերու մէջ։

Անցեալ տարի ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի նուիրատուներու շնորհիւ 850 հազար մանուկներ օգնութիւններ  ստացան դիմագրաւելու համար ցուրտ եղանակը։ Այս տարի եւս ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ը իր նուիրատուներէն կը խնդրէ յաւելեալ աջակցութիւն՝ այս տարի եւս պատասխանելու համար այդ մանուկներու կարիքներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/09/2019, 10:19