Որոնել

Երեւան Երեւան 

Հայաստանի սահմանին մօտ երկրաշարժ տեղի ունեցած է։

Նախնական տուեալներով` երկրաշարժի հետեւանքով ՀՀ տարածքին մէջ զոհեր եւ աւերուածութիւններ չեն եղած:

Սեպտեմբեր 10-ին, տեղական ժամանակով ժամը 20:22-ին ԱԻՆ երկրաշարժական  պաշտպանութեան տարածքային ծառայութեան կողմէ արձանագրուած է երկրաշարժ, որ տեղի ունեցած է Հայաստան-Վրաստան սահմանային գօտի` Բաւրայ գիւղէն 13 քմ․ հիւսիս-արեւելք, օճախի 10 քմ խորութեամբ, 4.8 ուժգնութեամբ: Կեդրոնի ստորգետնեայ ցնցման ուժգնութիւնը կազմած է 6-7 պալ:

Ըստ նախնական տուեալներու՝ երկրաշարժը զգացուած է ՀՀ Շիրակի, Լոռիի, Տաւուշի, Արագածոտնի, Արմաւիրի մարզերուն եւ Երեւան քաղաքին մէջ: Նախնական տուեալներով` երկրաշարժի հետեւանքով ՀՀ տարածքին մէջ զոհեր եւ աւերուածութիւններ չեն եղած: Երկրաշարժի կեդրոնը կը գտնուի ՀՀ պետական սահմանէն 7.5 քմ․ հեռաւորութեան վրայ: Երկրաշարժին հետեւած է 1.8 մինչեւ 3.7 մագնիտուդով մօտ 30 յետցնցում:

ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, որ երկրաշարժին հետեւած բոլոր յետցնցումները աւելի թոյլ են, քան առաջին ցնցումը, հետեւաբար` կարելի է եզրակացնել, որ երկրաշարժի աշխուժութիւնը կը նուազի:

ՀՀ ԱԻՆ մամլոյ վարչութենէն կը յայտնեն, որ միջին ուժգնութեամբ եւ մեծ թիւով երկրաշարժները բնորոշ են Ջաւախքի խզուածքային գօտիին:

Երկրաշարժական պաշտպանութեան տարածքային ծառայութիւնը, համաձայն գործող կանոնակարգի, կը շարունակէ իրականացնել շուրջօրեայ հերթապահութիւն եւ մշտադիտարկում: Բազմապարամեթրային մշտադիտարկման տուեալներու վերլուծութիւնը ցոյց կու տայ, որ, ամենայն հաւանականութեամբ, լարուածութեան դաշտի կտրուկ փոփոխութիւններ չեն սպասուի: Յետագայ զարգացման մասին պիտի տրուի լրացուցիչ տեղեկութիւն:

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/09/2019, 09:00