Որոնել

Իտլիպէն առնուած լուսանկար Իտլիպէն առնուած լուսանկար 

Սուրիոյ մէջ մարդասիրական միջանցք` Իտլիպէն խաղաղ բնակիչները դուրս բերելու համար

Զինեալ խմբաւորումներու վերահսկողութեան տակ գտնուող Իտլիպի տարածքը լքողներուն համար կը գործէ բժշկական շտապ օգնութեան կէտ,

Սուրիոյ կառավարութիւնը մարդասիրական միջանցք տրամադրած է, ինչպէս նաեւ բացած «Ապու Տուրուր» անցակէտը` ապահովելու համար Իտլիպի լարուածութեան մեղմացման գօտիէն խաղաղ բնակիչներու եւ իրենց զէնքերը վար դնելու ցանկութիւն յայտնած զինեալներու անխոչընդոտ հեռացումը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Սուրիոյ մէջ պատերազմող կողմերու հաշտեցման ռուսական կեդրոնի ղեկավար զօրավար¬գնդապետ Ալեքսէյ Պաքին:

Ունկնդրէ լուրը

Ան նշած է, որ զինեալ խմբաւորումներու վերահսկողութեան տակ գտնուող Իտլիպի տարածքը լքողներուն համար կը գործէ բժշկական շտապ օգնութեան կէտ, ինչպէս նաեւ անոնց կը տրամադրուին ըմպելի ջուր, տաք սնունդ եւ առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներ:

Պաքին աւելցուցած է, որ մարդասիրական միջանցքով դուրս եկող քաղաքացիներուն համար բերուած են նաեւ փոխադրամիջոցներ` զանոնք անվտանգ վայրեր տեղափոխելու համար:

Քաղուած Ազդակ օրաթերթէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/09/2019, 08:35