Ֆրանսայի Նախկին Նախագահ Ժագ Շիրաք Ֆրանսայի Նախկին Նախագահ Ժագ Շիրաք 

Մահացաւ Ֆրանսայի նախկին նախագահ Ժագ Շիրաք

Ֆրանսուա Միթերանէն ետք Ֆրանսայի նախագահի պաշտօնը ամէնէն երկար ժամանակ վարած անձը։

Չորեքշաբթի առաւօտեան մահացաւ Ֆրանսայի նախկին նախագահ Ժագ Շիրաք։ Ան 86 տարեկան էր։

Ունկնդրէ լուրը

Շիրաք երկու նստաշրջան վարած է Ֆրանսայի նախագահի պաշտօնը եւ իր երկիրը առաջնորդած Եուրոյի գօտի։

Ֆրանսական խորհրդարանը մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեց անոր յիշատակը։

Ան ծնած է 1932ին եւ զաւակն էր դրամատան մը տնօրէնին։ Ան երկիրի ղեկավարի պաշտօնը վարեց 1995էն 2007 եւ այդպիսով դարձաւ իր ընկերվարական նախորդէն՝ Ֆրանսուա Միթերանէն ետք Ֆրանսայի նախագահի պաշտօնը ամէնէն երկար ժամանակ վարած անձը։

Շիրաք 18 տարի վարած է նաեւ Փարիզի քաղաքապետի պաշտօնը։ Ան նաեւ եղած է Ֆրանսայի վարչապետը, սակայն դիմագրաւած է փտածութեան շարք մը գայթակղութիւններ։ 2011ին ան յանցաւոր նկատուեցաւ Փարիզի քաղաքապետի պաշտօնը վարած ժամանակամիջոցին պետական ֆոնտեր այլ նպատակներու համար օգտագործելուն մէջ։

Անոր կատարած բարեփոխման շնորհիւ 7ամեայ նախագահական նստաշրջանը նուազելով՝ դարձաւ 5ամեայ։ 2003ին, Շիրաք Միացեալ Նահանգներու՝ Իրաք ներխուժելու մտադրութեան թիւ մէկ ընդդիմախօսներէն էր։

Քաղուած Ասպարէզէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/09/2019, 08:17