Որոնել

Մեսրոպեան Վարժարան Մեսրոպեան Վարժարան 

Մեսորպեան վարժարանի մէջ ազդանշանը տրուեցաւ 81-րդ կրթական տարեշրջանին:

Պարոն Գալուստ գոհունակութիւն արտայայտեց Մեսրոպեանի մէջ անցած տարի սկսած կրթական բարեփոխումներու եռամեայ ծրագրի ընթացքին եւ արդիւնքներուն համար.

2019-ի Սեպտեմբերի 13-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի ուսուցչական-տեսչական անձնակազմը գումարեց իր առաջին՝ վերամուտի ընդհանուր ժողովը, վարժարանի “Ֆարաճեան” հանդիսասրահի մէջ:

Ժողովը բացուեցաւ Մեսրոպեանի հոգեւոր տեսուչ Արժ. Տէր Ռաֆֆի քահանայ Յովհաննէսեանի խորհրդածութիւններով: Տէր Ռաֆֆի քահանայ յատկապէս անդրադարձաւ ներողամտութեան կարեւորութեան` միջ-անձնային յարաբերութիւններուն եւ համագործակցական աշխատանքին մէջ, ինչպիսին է ուսուցչական գործը: Ան դիտել տուաւ, որ քէնն ու անձնակեդրոն մօտեցումը մեծագոյն խոչընդոտներն են անձի հոգեւոր զարգացումին, կ’արգելակեն մարդու ներուժի արդիւնաւէտ իրագործումը եւ վատ օրինակ կը հանդիսանան շրջապատին համար, ինչ որ առաւել կը շեշտէ անոնցմէ հեռու մնալու ուսուցիչներուն պարտաւորութիւնը: Ան թելադրեց, որ ուսուցիչները լայնասրտօրէն մօտենան իրարու, աշակերտներուն եւ ծնողներուն, ի խնդիր դաստիարակչական առաքելութեան յաջողութեան:

Ունկնդրէ լուրը

Ապա խօսք առին Մեսրոպեանի տարբեր բաժանմունքներուն պատասխանա- տուները, որոնք նախ ամփոփ զեկուցումներ ներկայացուցին անցած տարուայ աշխատանքներուն, իրագործումներուն եւ խնդիրներուն մասին ու ապա ներկայացուցին նոր տարեշրջանի ծրագիրները:

Խօսք առաւ կրթական հարցերու տնօրէնի խորհրդական դոկտ. Քոլեթ Աուն, որ ուսուցիչներուն ներկայացուց դասերու պատրաստութեան, դասաժամերու կազմակերպման, աշակերտներու գնահատականներու նշանակումին, քննութիւններու դրութեան եւ ուսուցչական գործին վերաբերող ընդհանուր ուղեցոյց մը, շեշտելով անոր կարեւորութիւնը դպրոցին մէջ ընթացող կրթական բարեփոխութիւններուն համար:

Ներկաները դիտեցին տեսաերիզ մը, որուն մէջ ներկայացուեցան անցած` 80-ամեակի յոբելենական տարուան գլխաւոր ձեռնարկները, աշակերտական գործունէութիւնն ու կրթակական իրագործումները, որոնց գագաթնակէտը կազմեց Label CELF-ի ձեռքբերումը Մեսրոպեանի կողմէ:

Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ իր զեկոյցի առաջին մասով ընդհանուր գնահատականը կատարեց 2018-2019 տարեշրջանի գործունէութեան, դիտել տալով, որ վարժարանը պետական քննութիւններուն եւ մասնաւորապէս Բ. պաքալորէային եւ թեքնիք ճիւղերուն մէջ արձանագրեց գերազանց արդիւնքներ: Ընդհանուր հաշւով քննութիւններուն ներկայացան բարձրագոյն եւ արուեստից վարժարաններու 115 աշակերտներ, որոնցմէ 106-ը յաջողեցան (համեմատութիւնը` 92.17 առ հարիւր):

Պարոն Գալուստ գոհունակութիւն արտայայտեց Մեսրոպեանի մէջ անցած տարի սկսած կրթական բարեփոխումներու եռամեայ ծրագրի ընթացքին եւ արդիւնքներուն համար. այդպէս` մանկապարտէզին մէջ անգլերէնի ուսուցման մեկնարկը եղաւ բարեյաջող, “Կենցաղավարութիւն եւ Բարի Վարք” դասանիւթը ներմուծուեցաւ հեզասահօրէն, նախակրթարանին մէջ տնային պարտականութիւ-ններու գրեթէ ի սպառ եւ քննութիւններու լիակատար վերացումը տուին սպասուած արդիւնքները, արհեստագիտական նիւթերու եւ “ռոպոթիքս”ի ուսուցումին շնորհիւ Մեսրոպեանի աշակերտները գերազանց արդիւնքներ արձանագրեցին դպրոցական մրցումներուն: Տնօրէնը յայտնեց, որ պիտի շարունակուի գործակցութիւնը համալսարաններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ` ուսուցիչներու վերապատրաստման, աշակերտներու զարգացման եւ ծնողներու խորհրդատուութեան մարզերուն մէջ: Պիտի շարունակեն գործել դպրոցական օրուան աւարտէն ետք ուսուցման ծրագիրները, շաբաթօրեայ խմբակները, արեւելումի եւ ընկերային-հոգեբանական խորհրդատուութեան գրասենեակները, նոր թափ պիտի հաղորդուի հայեցի կրթութեան ծրագիրներուն, համակարգչային գիտութիւններու ուսուցումին:

Եզրափակիչ խօսքով հանդէս եկաւ Պատրիարքապատկան վարժարաններու Վարչական խորհուրդի նախագահի տեղակալ Գերպծ. Հ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան: Ան դիտել տուաւ, որ Մեսրոպեանը միշտ բարձր նշաձողեր հաստատած է իր գործունէութեան համար եւ արձանագրած է համապատասխան արդիւնքներ, արժանանալով լայն գնահատանքի` պատկան մարմիններուն եւ հանրութեան կողմէ: Գերապայծառը շեշտեց, որ կրթական յաջողութիւններուն կողքին անհրաժեշտ է, որ հոգեւոր եւ բարոյական կրթութիւնը նոյնպէս մնան իրենց արժանի բարձրութեան վրայ, որովհետեւ յաջողութեան ամենակարեւոր վկայականը այն է, որ մարդ կը ներկայացնէ Աստուծոյ առջեւ` կեանքին մէջ իրագործուած հաւատքով եւ կատարած բարի գործերով:

Տեղեկատուական գրասենեակ

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/09/2019, 12:54