Որոնել

«Կորսուած Հայաստան: Ճամբորդութիւն Ժողովուրդի մը յիշատակին մէջ» վերտառութեամբ գիրքին կողքը: «Կորսուած Հայաստան: Ճամբորդութիւն Ժողովուրդի մը յիշատակին մէջ» վերտառութեամբ գիրքին կողքը: 

Հրապարակուեցաւ «Կորսուած Հայաստան: Ճամբորդութիւն Ժողովուրդի մը յիշատակին մէջ» վերտառութեամբ գիրքը:

Գիրքի նախաբանը կը կրէ Իտալահայ հեղինակաւոր գրագէտ Անթոնիա Արսլանի ստորագրութիւնը:

Լոյս տեսած է Իտալացի հեղինակ Ալտօ Ֆեռարիի «Կորսուած Հայաստան: Ճամբորդութիւն ժողովուրդի մը յիշատակի մէջ» գիրքը որուն նախաբանը ստորագրած է Իտալահայ հեղինակաւոր գրագէտ Անթոնիօ Ասլանը:

Պատմական, մշակութային եւ քաղաքական ճամբորդութիւն նկատուող գիրքը, կ՝անցնի ժամանակից հայաստանի հանրապետութեան սահմաններէն դուրս գտնուող՝ տպաւորիչ եւ հիանալի հազարամեայ հայկական վայերուն ընդմէջէն:

Ունկնդրէ լուրը

Գիրքին մէջ կը խօսուի լեռներու, վանքերուն, բերդերու եւ քաղաքներու մասին ինչպէս նաեւ մէկ դար առաջ, 1915-ին, հայոց ցեղասպանութենէ վերապրած եւ1923-ին կիլիկիայն վտարուած հայերուն փոքրիկ ներկայութեան մասին:

Գիրքին մէջ անդրադարձ կը կատարուի յիշատակի այն վայրերուն, որոնք այժմ կը գտնուին Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի եւ Իրանի մէջ՝ ներկայացուած իրենց հազարամեայ պատմական տեսանկիւնէն:

Կը խօսուի նաեւ կարգ մը վայրերու մասին, որոնք կը ներկայացնեն ոչ միայն հայկական արժէքներ այլեւ ունի կեանքի վերածնունդը խորհրդանշող արժէքներ՝ ինչպէս արարադ լեռը:

Նշենք, թէ Ալտօ Ֆեռարի, հայկական գրականութիւն եւ լեզու կը դասաւանդէ Վենետիկի Քա Ֆոսքարի համալսարանին մէջ:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/09/2019, 09:25