Կոմիտաս Կոմիտաս 

Կ․Պոլսոյ Մէջ Կոմիտասի 150-ամեակին նուիրուած համերգ

Համերգին կազմակերպիչներն են «Անատոլու Քիւլթիւր» հասարակական կազմակերպութիւնը, «Քալան Միւզիք» ընկերութիւնը եւ «Մաքսիմ Գորկի» անունը կրող թատրոնը։

Հոկտեմբեր 7-ին, Կ․Պոլսոյ «Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյ» համերգասրահին մէջ պիտի կազմակերպուի համերգ՝ Կոմիտասի 150-ամեակին առիթով։ Այս մասին կը  հաղորդէ Akunq.net-ը՝ վկայակոչելով թրքական Kulturservisi.com լրատուամիջոցը։

Համերգին կազմակերպիչներն են «Անատոլու Քիւլթիւր» հասարակական կազմակերպութիւնը, «Քալան Միւզիք» ընկերութիւնը եւ «Մաքսիմ Գորկի» անունը կրող թատրոնը։

«Լուսաշող արեւածագի ձայնը․ Կոմիտասի 150-ամեակը» խորագիրը կրող սոյն ձեռնարկին մասին հրապարակումով հանդէս եկած թրքական լրատուամիջոցը համառօտ կերպով կ՝անդրադառնայ նաեւ Կոմիտասի կեանքին՝ չմոռնալով ընդգծել, որ Կոմիտասը եղած է նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ականատեսը։

Համերգէն առաջ տեղի պիտի ունենայ Կոմիտասին նուիրուած ցուցահանդէսին բացումը, որուն կազմակերպիչն է «Բիրզամանլար» հրատարակչութիւնը։ Նոյն ձեռնարկին ծիրէն ներս պիտի կայանայ նաեւ «Խենթութեան հնագիտութիւնը՝ Կոմիտաս․ հայ սուրբի մը դիմանկարը» գիրքին շնորհանդէսը։

Քաղուած Եռագոյնէն 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/09/2019, 08:30