Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի վերանորոգուած վեհարանի բացում Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի վերանորոգուած վեհարանի բացում 

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի վերանորոգուած վեհարանի բացում

Բացում վերանորոգուած վեհարանին, նորակառոյց Ս. Հայրապետաց մատուռին եւ հանդիսութիւններու սրահին:

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ներկայութեամբ եւ հանդիսապետութեամբ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին, 18 Սեպտեմբերին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցաւ բացումը վերանորոգուած վեհարանին, նորակառոյց Ս. Հայրապետաց մատուռին եւ հանդիսութիւններու սրահին:

Շուրջ մէկ դար առաջ մեծանուն բարերար Ալեքսանդր Մանթաշեանցի մեկենասութեամբ կառուցուած վեհարանի համալիրը հիմնովին նորոգուեցաւ եւ բարեկարգուեցաւ բարերար Սամուէլ Կարապետեանի եւ անոր ընտանիքին նուիրատուութեամբ:

Հանդիսաւոր արարողութեան մասնակից հիւրերը շրջագայեցան նորոգուած շէնքերուն մէջ եւ ծանօթացան կատարուած աշխատանքներուն:

Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ նախագահ Սարգսեան հաստատեց, որ Սուրբ Էջմիածինի մէջ կայ հոգեւոր Հայաստանը, որ հաւատքի ու սիրոյ, արուեստի ու մշակոյթի այն ոյժն է, որ կ՛ոգեւորէ եւ կը յուսադրէ, կը քաջալերէ եւ կը մղէ արարելու, ստեղծելու, ստեղծագործելու եւ օգտակար ըլլալու՝ աւելցնելով, որ Հայաստան կարիքը ունի այդ ոյժին, զօրութեան, ջանքին, գործին ու արարման։

«Մեզ՝ հայերիս, անհրաժեշտ է համախմբուած ու աւելի սրտացաւ լինել միմեանց հանդէպ եւ ոչ միայն միմեանց հանդէպ, այլեւ մեր ընդհանուր հայրենիքի՝ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի հանդէպ, պետութեան հանդէպ, մեր եկեղեցու հանդէպ, մեր ողջ ազգի եւ իւրաքանչիւր հայի հանդէպ, բանակի հանդէպ, մեր ազգային արժէքների հանդէպ: Հայաստանը գտնւում է ոչ միայն քաղաքակրթութիւնների համախմբման, այլեւ՝ քաղաքակրթութիւնների բախման խաչմերուկում: Հայ եկեղեցին եւ մեր հաւատքը եղել ու մնում են մեր ազգային ինքնութեան խարիսխը եւ յենարանը», շեշտեց ան։

Նախագահը իր խօսքին մէջ յիշեց Վազգէն Ա. վեհափառին փայլուն խօսքը. »Հայրենիք ստեղծելը հերոսութիւն է, հայրենիք շէնացնելը՝ առաքինութիւն«, եւ աւելցուց, որ այսօր ազգովին պէտք է լծուինք հայրենիքի շէնացման աշխատանքին։ Այս առիթով ան դրուատեց Էջմիածինի միաբանութիւնը, Գարեգին Բ. կաթողիկոսը, ինչպէս նաեւ երախտագիտութիւն յայտնեց բարերար Սամուէլ Կարապետեանին։

Քաղուած Ասպարէզէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/09/2019, 08:02