Արցախի անկախութեան օր Արցախի անկախութեան օր 

Սեպտեմբեր 2-ին Արցախի անկախութեան օրն է

Արցախի բնակչութիւնը կեանքի՝ պայքարի ճանապարհն ընտրեց:

1991 թուականի Սեպտեմբեր 2-ին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը համայն աշխարհին յայտարարեց իր Անկախութեան մասին:

Անկախութիւնը հռչակելով Արցախի Հանրապետութիւնը տասնեակ տարիներ առաջ՝ 1921-1923 թուականներուն, Ստալինի հակահայկական որոշման վրայ գիծ քաշելով՝ բռնեց իրական անկախութեան դժուարին ճանապարհը:

1990 թուականի Մարտին կործանման հասած ԽՍՀՄ պահպանման հարցով հանրաքուէ իրականացուց: Ատրպէյճանի ԽՍՀ-ն հանրաքուէին կողմ քուէարկեց: Ատրպէյճանը Անդրկովկասի մէջ միակ պետութիւնն էր, որ կողմ քուէարկեց խորհրդային համակարգի պահպանման: Ատրպէյճանցիներու 93,3% քուէարկեց «այո’»:

Հանրաքուէի իրականացումէն ետք Խորհրդային Ատրպէյճանի այն ժամանակուայ իշխանութիւնը աննախադէպ գործողութիւն իրագործեց: Իշխանութիւն, որ դեռ կը գտնուէր ուրիշ (խորհրդային) կայսրութեան հպատակութեան տակ, կեդրոնէն թոյլտւութիւն չունենալով (ինչը կը նշանակէր խորհրդային իրականութեան դէմ գործել) իրագործեց «Օղակ» ռազմաքաղաքական գործողութիւնը:

Ռազմական գործողութեան հիմնական նպատակը Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութիւնը հայրենի հողէն տարհանումն էր: Խորհրդային Ատրպէյճանի ռազմական ստորաբաժանումները տասնեակ հայաբնակ գիւղ եւ այլ բնակելի տեղեր գրաւեցին: Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը համապարփակ արտաքսման շեմին էր կանգնած:

Օգոստոսի 30-ին ատրպէյճանցիները հռչակեցին իրենց անկախութիւնը:

Այս պարագային պարզ էր, որ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը օրհասական խնդիրի  առջեւ էր՝ կամ նոր կազմաւորուած Ատրպէյճանի հպատակութեան տակ մնալ, ինչը բնակչութեան ընդհանուր կործանման ու Նախիջեւանի բնակչութեան բախտի կրկնութեան հաւասար էր, կամ ալ՝ պայքարիլ յանուն Անկախութեան:

Արցախի բնակչութիւնը կեանքի՝ պայքարի ճանապարհն ընտրեց: Ճանապարհ, որով քալելու համար հայերս չունէիք ո՛չ դաշնակից, ո՛չ աջակից, ո՛չ ալ բարեկամ: 1991 թուականի Սեպտեմբեր 2-ին Լեռնային Ղարաբաղի Գերագոյն Խորհուրդը «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Անկախութեան մասին» Հռչակագիր ընդունեց:

Քաղուած «Եռագոյն»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/09/2019, 09:09