Գերմուշի Հայկական Սուրբ Աստուածածին վանքը վերացման վտանգի տակ է:
Ուրֆայի (Եդեսիա) Հալիլիյէ գաւառի Գերմուշ թաղամասին մէջ գտնուող հայկական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին վերջնականապէս փլուզուելու վտանգի տակ է: Այդ մասին, ըստ «Ակունք» կայքէջին, կ՛ահազանգեն թրքական լրատուամիջոցները:
Աղբիւրին համաձայն, Ուրֆա քաղաքէն 10 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող եւ ենթադրաբար 19-րդ դարուն կառուցուած սոյն վանքը իշխանութիւններու անտարբերութեան պատճառով աւերակի վերածուած է: Հայկական եկեղեցւոյ ճիշդ կողքին գտնուող միւս հոգեւոր կառոյցը լիովին անհետացած է, իսկ Գերմուշի եկեղեցին հազիւ կանգուն կը մնայ:
Եկեղեցւոյ վերականգնման վերաբերեալ Հալիլիյէ գաւառապետութեան կողմէ ներկայացուած նախագիծը թէեւ անցեալ տարի հաստատուած է, սակայն մինչեւ օրս միայն եկեղեցւոյ շուրջը ելեկտրական սիւներ կանգնեցուած են: Հրապարակման մէջ կը նշուի նաեւ, որ եկեղեցին պարբերաբար կ՛ենթարկուի գանձագողերու աւերածութիւններուն եւ օրըստօրէ աւելի վատ վիճակի մէջ կը յայտնուի:
Գերմուշի հայկական եկեղեցին 2011 հոկտեմբեր 23-ին Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան առաջարկով եւ նախարարներու խորհուրդի որոշումով հռչակուած է որպէս «Զբօսաշրջութեան զարգացման կեդրոն»: Թէեւ արդէն բաւական երկար ժամանակ անցած է, սակայն որեւէ աշխատանք չէ կատարուած այդ ուղղութեամբ: Եկեղեցւոյ շուրջ բացուած անհամար փոսերը մեծ վնաս կը հասցնեն այս պատմական կառոյցին:
Եկեղեցւոյ մօտակայքը բնակող Ճասըմ Աճարը թրքական լրատուամիջոցին հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, որ անցեալին սոյն թաղամասին մէջ 900 տուն գտնուած է, որոնցմէ հազիւ 4-5 տուն մնացած է: Իսկ Ուրֆայի զբօսաշրջական ուղեկցորդներու միութեան նախագահ Միւսլիւմ Չոպանը ցաւով յայտնած է, որ եկեղեցին լիովին անհետանալու վտանգի տակ է:
Թրքական լրատուամիջոցը նաեւ կը հաղորդէ, որ 1915-էն առաջ Ուրֆայի ամենամեծ գիւղը եղած է Գերմուշը, նշեալ եկեղեցիէն բացի` եղած է նաեւ հայկական դպրոց մը` 100-էն աւելի աշակերտներով, իսկ գիւղի շուրջ պահպանուած են հին վանքի աւերակներ: Յայտնի է նաեւ, որ սոյն գիւղը նախքան Ցեղասպանութիւնը ունէր 800 տուն բնակիչ, իսկ յիշեալ եկեղեցին վերականգնուած էր 1881 թուականին, Յակոբ Արդվիսեանի կողմէ:
Գիւղին շուրջ առկայ հին վանքերուն անունները եղած են` Սուրբ Յովհաննէս, Սուրբ Թադէոս, Սուրբ Յակոբ եւ Սուրբ Մինաս: Սոյն գիւղին մէջ, բացի այս եկեղեցիէն, եղած են եւս 2 հայկական եկեղեցիներ, որոնք բոլորն ալ օգտագործուած են Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հետեւորդ հայերու կողմէ:
Թրքական լրատուամիջոցը աւարտին կը նշէ, որ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքը այս գիւղը յատկացուցած է համիտիյէ գունդի հրամանատարներէն Սիւմեր փաշային, եւ որ ներկայ պահուն անիկա կը գտնուի Սիւմեր փաշայի ժառանգորդներուն ձեռքը:
Քաղուած Ազդակէն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ