Որոնել

Գերմուշի Հայկական Սուրբ Աստուածածին վանքը Գերմուշի Հայկական Սուրբ Աստուածածին վանքը 

Գերմուշի Հայկական Սուրբ Աստուածածին վանքը վերացման վտանգի տակ է:

Եկեղեցւոյ վերականգնման վերաբերեալ Հալիլիյէ գաւառապետութեան կողմէ ներկայացուած նախագիծը թէեւ անցեալ տարի հաստատուած է, սակայն մինչեւ օրս միայն եկեղեցւոյ շուրջը ելեկտրական սիւներ կանգնեցուած են

Ուրֆայի (Եդեսիա) Հալիլիյէ գաւառի Գերմուշ թաղամասին մէջ գտնուող հայկական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին վերջնականապէս փլուզուելու վտանգի տակ է: Այդ մասին, ըստ «Ակունք» կայքէջին, կ՛ահազանգեն թրքական լրատուամիջոցները:

Ունկնդրէ լուրը

Աղբիւրին համաձայն, Ուրֆա քաղաքէն 10 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող եւ ենթադրաբար 19-րդ դարուն կառուցուած սոյն վանքը իշխանութիւններու անտարբերութեան պատճառով աւերակի վերածուած է: Հայկական եկեղեցւոյ ճիշդ կողքին գտնուող միւս հոգեւոր կառոյցը լիովին անհետացած է, իսկ Գերմուշի եկեղեցին հազիւ կանգուն կը մնայ:

Եկեղեցւոյ վերականգնման վերաբերեալ Հալիլիյէ գաւառապետութեան կողմէ ներկայացուած նախագիծը թէեւ անցեալ տարի հաստատուած է, սակայն մինչեւ օրս միայն եկեղեցւոյ շուրջը ելեկտրական սիւներ կանգնեցուած են:  Հրապարակման մէջ կը նշուի նաեւ, որ եկեղեցին պարբերաբար կ՛ենթարկուի գանձագողերու աւերածութիւններուն եւ օրըստօրէ աւելի վատ վիճակի մէջ կը յայտնուի:

Գերմուշի հայկական եկեղեցին 2011 հոկտեմբեր 23-ին Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան առաջարկով եւ նախարարներու խորհուրդի որոշումով հռչակուած է որպէս «Զբօսաշրջութեան զարգացման կեդրոն»: Թէեւ արդէն բաւական երկար ժամանակ անցած է, սակայն որեւէ աշխատանք չէ կատարուած այդ ուղղութեամբ: Եկեղեցւոյ շուրջ բացուած անհամար փոսերը մեծ վնաս կը հասցնեն այս պատմական կառոյցին:

Եկեղեցւոյ մօտակայքը բնակող Ճասըմ Աճարը թրքական լրատուամիջոցին հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, որ անցեալին սոյն թաղամասին մէջ 900 տուն գտնուած է, որոնցմէ հազիւ 4-5 տուն մնացած է: Իսկ Ուրֆայի զբօսաշրջական ուղեկցորդներու միութեան նախագահ Միւսլիւմ Չոպանը ցաւով յայտնած է, որ եկեղեցին լիովին անհետանալու վտանգի տակ է:

Թրքական լրատուամիջոցը նաեւ կը հաղորդէ, որ 1915-էն առաջ Ուրֆայի ամենամեծ գիւղը եղած է Գերմուշը, նշեալ եկեղեցիէն բացի` եղած է նաեւ հայկական դպրոց մը` 100-էն աւելի աշակերտներով, իսկ գիւղի շուրջ պահպանուած են հին վանքի աւերակներ: Յայտնի է նաեւ, որ սոյն գիւղը նախքան Ցեղասպանութիւնը ունէր 800 տուն բնակիչ, իսկ յիշեալ եկեղեցին վերականգնուած էր 1881 թուականին, Յակոբ Արդվիսեանի կողմէ:

Գիւղին շուրջ առկայ հին վանքերուն անունները եղած են` Սուրբ Յովհաննէս, Սուրբ Թադէոս, Սուրբ Յակոբ եւ Սուրբ Մինաս: Սոյն գիւղին մէջ, բացի այս եկեղեցիէն, եղած են եւս 2 հայկական եկեղեցիներ, որոնք բոլորն ալ օգտագործուած են Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հետեւորդ հայերու կողմէ:

Թրքական լրատուամիջոցը աւարտին կը նշէ, որ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքը այս գիւղը յատկացուցած է համիտիյէ գունդի հրամանատարներէն Սիւմեր փաշային, եւ որ ներկայ պահուն անիկա կը գտնուի Սիւմեր փաշայի ժառանգորդներուն ձեռքը:

Քաղուած Ազդակէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/09/2019, 08:00