«Հրանդ Տինք» միջազգային մրցանակի յանձնման արարողութիւնը «Հրանդ Տինք» միջազգային մրցանակի յանձնման արարողութիւնը 

Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Հրանդ Տինք» միջազգային մրցանակի յանձնման արարողութիւնը

Մրցանակը տրուած է թուրք, նախկին ուսուցչուհի, կանանց իրաւունքներու պաշտպան Նեպահաթ Աքքոչին

Պոլսահայ մտաւորական Հրանդ Տինքի ծննդեան օրը` Սեպտեմբեր 15-ին, Պոսլոյ մէջ տեղի ունեցաւ ամենամեայ «Հրանդ Տինք» միջազգային մրցանակի յանձնման արարողութիւնը:

Ունկնդրէ լուրը

Մրցանակը տրուած է թուրք, նախկին ուսուցչուհի, կանանց իրաւունքներու պաշտպան Նեպահաթ Աքքոչին, որ պայքարած է կանանց նկատմամբ տղամարդոց բռնութեան դէմ:

Մրցանակի արժանացած է նաեւ հնդկուհի Ագնէս Խարշինգը, որ պայքարած է Հնդկաստանի մէջ աղքատներու, կանանց, երեխաներու իրաւունքներու պաշտպանութեան համար:

«Հրանդ Տինք» միջազգային մրցանակը սահմանուած է 2009-ին Հրանդ Տինքի անուան հիմնադրամին կողմէ` ի յիշատակ նշանաւոր պոլսահայ մտաւորական, «Ակօս» թերթի հիմնադիր եւ գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի: Մրցանակը կը յանձնուի Թուրքիայէն եւ արտասահմանէն երկու անձերու կամ կազմակերպութիւններու, որոնք կը պայքարին խտրականութեան, ցեղապաշտութեան եւ բռնութեան դէմ, սեփական իտէալներու համար պատրաստ են վտանգի ենթարկելու իրենց կեանքը եւ նման կերպով կը խրախուսեն եւ կ՛ոգեշնչեն ուրիշները:

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/09/2019, 08:35