Որոնել

Առողջապահական գործիքներ Առողջապահական գործիքներ 

Ոսկրածուծի Հայկական Հիմնարկի 20-ամեակի նշում

25 օգոստոսին «Տաղլեան» մշակութային կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ոսկրածուծի նուիրատուներու հայկական հիմնարկի 20-րդ տարեդարձին նուիրուած ձեռնարկ:

Հովանաւորութեամբ Կլենտէյլի «Էտվենթիսթ» հիւանդանոցին եւ Լոս Անճելըսի քաղցկեղի ցանցին, 25 օգոստոսին «Տաղլեան» մշակութային կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ոսկրածուծի նուիրատուներու հայկական հիմնարկի 20-րդ տարեդարձին նուիրուած ձեռնարկ:

Ունկնդրէ լուրը

Ձեռնարկի հանդիսավար, հիմնարկի երկարամեայ համակիրներէն Ամերիկահայ բժշկական միջազգային ընկերակցութեան նախագահ եւ Ամերիկահայ բժշկական ընկերակցութեան նախկին նախագահ տոքթ. Վիգէն Սեֆիլեան յայտնեց, որ հիմնարկը ցարդ ունի առաւել քան 31 հազար նուիրատուներ` 33 երկիրներէ, եւ ցարդ կատարուած ոսկրածուծի պատուաստումներով կրցած է փրկել 33 հիւանդներու կեանքերը:

Ելոյթներ ունեցան նաեւ` ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Սոնա Աշճեանը, քոնկրեսական Էտըմ Շիֆը (տեսանիւթով), հիմնարկի նախագահ տոքթ. Ֆրիտա Ճորտընը, հիմնարկի գործադիր վարիչ տոքթ. Սեւակ Աւագեանը, հիմնարկին կազմութեան մղիչ ուժը դարձած եւ անոր շնորհիւ բուժուած Ալիք Թոփալեանը:

Նախորդ տարիներուն նման, այս տարի եւս ճաշկերոյթին ընթացքին, ձեռամբ հիմնարկի նախագահ տոքթ. Ֆրիտա Ճորտընի, մեծարուեցան կարգ մը անհատներ եւ կազմակերպութիւններ, որոնք նեցուկ կանգնած են հիմնարկի առաքելութեան: «Կեանքի մը իրագործումներ» մրցանակը շնորհուեցաւ Ճորճ Թիթիզեանին, իսկ «Տեսլական»-ի մրցանակով պարգեւատրուեցան` Տիանա Յարութիւնեանը, Մարք Կիրակոսը, տոքթ. Քերոլայն Նաճարեանը եւ Ստեփան ու Լինտա Վարդանեանները:

«Տարուան կամաւոր» մրցանակները յանձնուեցան Անեթ Փոսթիքին, Արա Սիւտճեանին եւ դոկտ. Միգանուշ Ստեփանեանին:

«Տարուան Կազմակերպութիւնը» մրցանակը յանձնուեցաւ Լոս Անճելըսի քաղցկեղի ցանցին:

Հիմնարկին 20-ամեակին առիթով Քալիֆորնիոյ նահանգային ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ եւ նահանգային խորհրդարանի անդամ Լորա Ֆրիտմըն յատուկ գնահատագիրներ յանձնեցին հիմնարկին:

Քաղուած «Ազդակ» էն

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/09/2019, 09:35