Տուպայի Պուրճ Խալիֆան Տուպայի Պուրճ Խալիֆան  

Տուպայի Պուրճ Խալիֆան Հայաստանի ազգային դրօշի գոյներով պիտի լուսաւորուի:

Պուրճ Խալիֆա (արաբ․ «Խալիֆայի աշտարակ») երկնաքեր է Տուպայի մէջ
Ունկնդրէ լուրը

Հայաստանի անկախութեան տօնին առիթով, Սեպտեմբեր 21-ին, ժամը 21:10-ին, Տուպայի Պուրճ Խալիֆան առաջին անգամ ըլլալով պիտի լուսաւորուի Հայաստանի ազգային դրօշի գոյներով: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, կը տեղեկացնէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը:

Պուրճ Խալիֆա (արաբ․ «Խալիֆայի աշտարակ») երկնաքեր է Տուպայի մէջ. 2007 Յուլիսէն՝ աշխարհի ամենաբարձր շէնքն է (բարձրութիւնն է 828 մ. եւ աւելի քան 163 յարկ)։

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/09/2019, 08:09