2019.04.23 San Giorgio, martire 2019.04.23 San Giorgio, martire 

Սուրբ Գէորգ Զօրավարի տօնը։

Ս. Գէորգի մահէն ետք եւս բազմաթիւ հրաշքներ գործուեցան եւ բազմաթիւ եկեղեցիներ կառուցուեցան անոր անունով:

Շաբաթ, 28 սեպտեմբերին, Սուրբ Գէորգ Զօրաւարին ծիսական տօնին առթիւ կը ներկայացնեցնք սուրբին հակիրճ պատմականը:  

Ս. Գէորգ ծնած է Գ. դարուն, Կապադովկիոյ Մաժակ քաղաքին մօտ: Մանկութիւնը անցուց Պաղեստինի մէջ, ուր ծնողները ունէին բազմաթիւ կալուածներ: Մուտք գործեց զինուորական ասպարէզ, եւ իր ցուցաբերած քաջութեան եւ հաւատարմութեան համար շուտով ստացաւ հազարապետութեան աստիճան, երբ տակաւին երեսուն տարեկան չկար: Դիոկղետիանոս չարաբարոյ կայսրը քրիստոնեաներուն դէմ հրապարակեց խիստ հրովարտակ մը, որուն մէջ յստակօրէն կ՛ըսուէր, թէ այն քրիստոնեաները, որոնք զոհեր չէին մատուցաներ չաստուածներու, չարաչար մահով պիտի մեռնէին:

Ս. Գէորգ հռոմէական բանակի յարգուած ու սիրուած զօրավարներէն մէկն էր: Երբ կայսրը անդրադարձաւ, թէ քրիստոնեաներուն թիւը օրէ օր կը շատնար, նոյնիսկ եթէ անոնք տակաւին բացայայտ ձեւով չէին յայտարարեր իրենց հաւատքը, հրովարտակով մը ժողովուրդը տեղեկացուց, թէ բոլոր անոնք, որոնք զոհ չեն մատուցաներ չաստուածներուն, մահապատիժի պիտի ենթարկուին: Հրովարտակը յստակօրէն կը մատնանշէր քրիստոնեաները, որոնցմէ մէկն էր կայսեր զօրավարներէն մէկը` Գէորգ զօրավարը:

Զօրավարը լաւ կը ճանչնար քրիստոնեայ համայնքը ու գիտէր անոր անդամներուն բարեպաշտ ու խաղաղասէր նկարագիրը: Յանդուգն որոշում մը տուաւ եւ հրապարակի մը վրայ կայսեր հրովարտակներէն մէկը վար առնելով` պատռեց, ըսել ուզելով, թէ քրիստոնեաները կը մերժէին դրժել իրենց հաւատքը: Դէպքը աննշան չմնաց, եւ անոր հետեւանքները եղան սարսափելի: Ոչ միայն զօրավարը ի՛նք չարչարանքներու ենթարկուելէ ետք գլխատուեցաւ, այլ նոյնպէս` բոլոր անոնք, որոնք զօրավարին գերբնական դիմադրականութիւնը տեսնելով` դարձի եկան եւ քրիստոնէութիւնը ընդունեցին տեղւոյն վրայ: Անոնց շարքին էր նոյնիսկ կայսրուհի Ալեքսանտրան:

Ս. Գէորգի մարմինը տարին Պաղեստին` Դիոսպոլիս քաղաքը (Ռամլէ աւան): Հոն ասորիներու եկեղեցիին մէջ անոր նշխարները կը ցուցադրուէին մինչեւ ԺԳ. դար: Հոն կայ նաեւ հայկական եկեղեցի մը` Ս. Գէորգի նուիրուած:

Ս. Գէորգի մահէն ետք եւս բազմաթիւ հրաշքներ գործուեցան եւ բազմաթիւ եկեղեցիներ կառուցուեցան անոր անունով:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/09/2019, 08:26