Հայ Քոյրերու դպրոցին մէջ Հայ Քոյրերու դպրոցին մէջ 

Հայ Քոյրերու Վարժարանի Վերամուտը

«Հայ Լեզուի եւ մշակոյթի ուսուցումը՝ գրաւական մը ազգային գոյութեան, քոյրերուն գլխաւոր մտահոգութիւնն ըլլայ: Անոնք յիշեն, որ դարերու ընթացքին, հոգեւոր եւ ազգային արժէքները փոխանցուած են սերունդներու Հայ Լեզուի եւ մշակոյթի միջոցով»: Սահմանադրութիւն, Կանոն 110

Ահաւասիկ արդէն 35 տարիներէ ի վեր հայ քոյրերը հաւատարիմ մնալով հիմնադիր հօր տուած յորդորներուն կը շարունակեն հայրենանպաստ առաքելութիւնը: Արդէն 35րդ անգամն է Հայ Քոյրերու վարժարանը իր դռները կը բանայ՝ գրկաբաց ընդունելու հայ մանուկը եւ տալու հայեցի դաստիարակութիւն:

Ուստի, այս տարուան նոր տնօրէնութիւնը եւ աշխատակազմը նախքան աշակերտութեան վերադարաձը ամառնային արձակուրդէն, երկու օր յատուկ ձեւով պատրաստուեցան իրենց աշակերտները սիրով եւ գրկաբաց ընդունելու: »Notre Dame« միաբանութենէն երկու քոյրեր հոգեւոր ուղղութիւն տուին ուսուցչական կազմին՝ հոգէպէս պատրաստելու քրիստոնէական սիրով եւ հանդուրժողականութեամբ ընդունելու իրենց սաները: Գլխաւոր թեման էր՝ իւրաքանչիւր աշակերտի մէջ տեսնել արժանիքներ եւ գնահատել զանոնք:

Նոր տնօրէնը՝ դոկտ. Թէյէզ, ուսուցիչներուն հետ վերատեսութեան ենթարկեց վարժարանիս ուսուցչական օրէնքները եւ կանոնները:

Յաջորդ օրը, ուսուցչները նորոգեցին նաեւ իրենց առաջին օգնութեան վկայականը յատուկ մասնագէտներու դասընթաքցներէն ետք:

Արդէն 5 Սեպտեմբերին, Հայ Քոյրերու վարժարանի տնօրէնութիւնը եւ ուսուցչական կազմը, դպրոցի դռները լայն բացին եւ ուրախութեամբ ընդունեցին իրենց սիրելի սաները: Դպրոցը դարձեալ կեանք առաւ. բակը լեցուեցաւ աշակերտներու ուրախ ձայներով:

Առաւօտեան աղօթքէն ետք հայր Բարսեղը իր օրհնութիւնը տուաւ, ապա դպրոցի ընդհանուր պատասխանատու քոյր Լուսիայի եւ տնօրէն դոկտ. Թէյէզի բարի վերամուտի մաղթանքներէն ետք, ութերորդ դասարանի աշակերտները, առաջին դասարանի խանդավառ աշակերտները փուչիկներով առաջնորդեցին իրենց նոր դասարանը, ուր պիտի սկսի իրենց կեանքի նոր հանգրուանը:

Սոյն ամսուն 10ին՝ Երեքշաբթի օրը, աշակերտները ունեցան տարուան առաջին Ս. պատարագը: Հայր Բարսեղ Պաղտասարեան՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ աթոռանիստ եկեղեցուոյ ժողովրդապետը, մատուցեց պատարագը։

Վարժարանս վերամուտի երեկոյին ընդունեց իր սաներու ծնողները՝ ներկայացնելու համար տարուան ընդհանուր ծրագիրները, նորութիւնները եւ ծանօթանալու իրենց զաւակներուն ուսուցիչներուն հետ: Բոլորը հեռացան դպրոցէն, մեծ գոհունակութեամբ եւ ապագայի ակնկալիքներով:

Որպէսզի ուսւցիչները եւ ծնողները աւելի մտերմիկ շրջանակի մէջ ծանօթանան իրարու, վարժարանս կազմակերպեց նաեւ Wine and cheese-ի երեկոյթ: Թէեւ միայն գինի եւ պանիր պէտք է ըլլար, սակայն ըստ հայկական մշակոյթին, սեղանին բացի գինիէն եւ պանիրէն կար նաեւ համադամ ուտեստեղէն: Մթնոլորտը շատ ջերմ եւ մտերմիկ էր: Առաջինէն չորրորդ դասարաններու աշակերտները արդէն ունեցան իրենց առաջին հիւրը՝ Մինա Ճաւաէրպի, պարսիկ գրող մը, որ կը շրջագայէր դպրոցները՝ ներկայացնելու իր նոր գիրքը »My grandma and me«: Հակառակ իր լեցուն օրակարգին, ան ժամանակ տրամադրեց՝ այցելելու մեր դպրոցը: Ան հեղինակն է շարք մը գիրքերու, ինչպէս նաեւ մրցանակ շահած նկարազարդ գիրքերու, ինչպէս են «Soccer Star» եւ «Goal»: Զարմանալի զուգադիպութեամբ մը պարզուեցաւ, որ Մինան յաճախած է Թեհրանի Հայ Քոյրերու աղջկանց վարժարանը:

Հայ Քոյրերու վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին, աշակերտութեան եւ ծնողներուն կը մաղթենք բարի եւ ուրախ տարի մը: Թող Աստուծոյ աջը միշտ հովանի ըլլայ եւ առաջնորդէ բոլորը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/09/2019, 10:03