Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի վախճանման 20րդ տարելիցին նուիրուած արարողութիւններ եւ յիշատակի նախաձեռնութիւններ։ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի վախճանման 20րդ տարելիցին նուիրուած արարողութիւններ եւ յիշատակի նախաձեռնութիւններ։ 

Գարեգին Ա. Կաթողիկոսի վախճանման 20րդ տարելից:

Վեհափառը մեծ հայ էր, մեծ մարդ եւ հսկայական հետք է թողել։

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Առաջին տիկին Նունէ Սարգսեան 22 Սեպտեմբերին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ներկայ գտնուեցան երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի վախճանման 20րդ տարելիցին նուիրուած արարողութիւններուն եւ յիշատակի նախաձեռնութիւններուն։

Ունկնդրէ լուրը

Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին նախագահութեամբ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ, որմէ ետք նախագահ Սարգսեան հանդէս եկաւ յիշատակի խօսքով։ Ան շեշտեց, որ Գարեգին Ա. կաթողիկոս գնահատուած է Աստուծոյ կողմէ՝ ընտրելով զայն իբրեւ Իր զաւակը, հայոց վեհափառ, նաեւ ժողովուրդին կողմէ, որ մինչեւ օրս սիրով լեցուած է անոր հանդէպ։ Նախագահը վկայեց, որ անձնական բարեկամութիւն ալ կար իր եւ վախճանեալ կաթողիկոսին միջեւ, որմէ ստացած է հոգեւոր կեանքի եւ հայրենասիրութեան դասեր։

Նախագահը յիշեց, որ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը նաեւ մեծապէս տպաւորած է օտար նշանաւոր անձնաւորութիւններ, որոնք միշտ կը յիշեն զայն ու անոր բարեմասնութիւնները։ »Վեհափառը մեծ հայ էր, մեծ մարդ եւ հսկայական հետք է թողել։ Վեհափառը կայ եւ ապրում է, ապրում է մեզնից իւրաքանչիւրի հետ։ Ապրում է իմ ընտանիքի եւ ինձ հետ«, եզրափակեց նախագահը։

Քաղուած Ասպարէզէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/09/2019, 08:38