Որոնել

Հոլանտացին կառուցած է 2500 թոն կշռող Նոյեան Տապան Հոլանտացին կառուցած է 2500 թոն կշռող Նոյեան Տապան 

Հոլանտացին կառուցած է 2500 թոն կշռող Նոյեան Տապան, այնպէս ինչպէս նկարագրուած է Աստուածաշունչին մէջ

Հոլանտացի կառուցող ու գիւտարար Յոհան Հեյպերսը կառուցած է Նոյեան տապանի կրկնօրինակը` Աստուածաշունչին մէջ նկարագրուածին համապատասխան

Հոլանտացին կառուցած է 2500 թոն կշռող Նոյեան տապան, ճիշդ այնպէս, ինչպէս նկարագրուած է Աստուածաշունչին մէջ։ Այս մասին կը հաղորդէ Bavnews.am-ը։

Մասնագէտը որոշած է կառուցել Նոյեան տապանի կրկնօրինակը եւ ուղարկել Իսրայէլ։ Հոլանտացի կառուցող ու գիւտարար Յոհան Հեյպերսը կառուցած է Նոյեան տապանի կրկնօրինակը` Աստուածաշունչին մէջ նկարագրուածին համապատասխան։ Հսկայական նախագիծին աւարտէն ետք՝ Հեյպերս յայտարարած է, որ հիմա ամենակարեւորը զայն Իսրայէլ հասցնելն է։ Նաւաքարշերու եւ շարժիչներու վարձակալութեան համար հարկաւոր է աւելի քան 1,3 միլիոն տոլար. գրեթէ նոյնքան գումար ծախսուած է նաւը կառուցելու համար (1,6 միլիոն տոլար)։

Հսկայական տապանը 2500 թոն է, երկարութիւնը 133,5 մեթր, իսկ լայնութիւնը` 22,25 մեթր։ Ի դէպ, ասիկա հոլանտացիի կենսագրութեան մէջ առաջին նմանատիպ նախագիծը չէ։ Տապան կառուցելու գաղափարը անոր մէջ ծնած էր դեռ 1993 թուականին, բայց այն ժամանակ Հեյպերսի կինը միայն ծիծաղած էր ամուսինի մտայղացման վրայ։ Սակայն գիտնականը սկսած էր կառուցել ու 13 տարի անց աւարտած էր շինարարութիւնը, բայց այդ տապանը երկու անգամ աւելի փոքր էր, քան Աստուածաշունչին մէջ նկարագրուածը։ Տղամարդը 2008 թուականին վաճառած էր տապանը ու սկսած էր միւսը կառուցել։

Հետաքրքրական է, որ հոլանտացիի վերջնական նպատակը (տապանը Իսրայէլ ուղարկելը) չի համընկնիր Աստուածաշունչին մէջ Նոյեան տապանի վերջին հանգրուանի` Արարատ լերան հետ, որ կը գտնուէր Ուրարտու թագաւորութեան տարածքին։ Ի դէպ, միջնադարեան Հայաստանի մէջ Արարատը սուրբ լեռ կը համարուէր ու տապանը այնտեղ փնտռելը սրբապղծութիւն կը համարուէր։

Քաղուած «Եռագոյն»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/08/2019, 10:54