Որոնել

Իտլիպէն առնուած լուսանկար Իտլիպէն առնուած լուսանկար 

Թուրքիան աւելի քան 6000 Սուրիացի գաղթական բռնի կերպով Իտլիպ տեղափոխած է:

Սուրիոյ հիւսիսային բաժինը ենթակայ է զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու հսկողութեան:

Սահմանային «Պապ ալ Հաուա»ի տեղական մարմիններու վիճակագրութեան համաձայն, Յուլիս ամսուան ընթացքին, Թուրքիա աւելի քան 6000 սուրիացի գաղթական բռնի կերպով տեղափոխած է Սուրիոյ հիւսիսային բաժին, որ ենթակայ է զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու հսկողութեան: Այս մասին կը հաղորդէ «Գանձասար»-ը՝ վկայակոչելով «Շամ Թայմզ» կայքը։

Նախօրօք «Human Rights Watch» կազմակերպութիւնը մեկնաբանելով թրքական իշխանութեան կողմէն սուրիացի գաղթականներուն բռնի կերպով Իտլիպ տեղափոխման քարոզարշաւը, մեղադրած է Թուրքիան յայտնելով, որ ան սուրիացի գաղթականներուն կը ստիպէ փաստաթուղթեր ստորագրել, այն տպաւորութիւնը տալու համար թէ անոնք յօժար կամքով Իտլիպ կ’ուղղուին:

Քաղուած Եռագոյնէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/08/2019, 13:01