Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստը Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստը 

Պշարա Ռայի պատրիարքը Տիմանի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին:

Նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն, խորհուրդը զարմանք յայտնեց պաղեստինցի գաղթականներուն կողմէ լիբանանեան պետութեան դէմ սկսած արշաւին գծով:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Տիմանի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

Նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն, խորհուրդը զարմանք յայտնեց պաղեստինցի գաղթականներուն կողմէ լիբանանեան պետութեան դէմ սկսած արշաւին գծով:

Խորհուրդը անդրադարձաւ պաղեստինցիներուն վերաբերեալ աշխատանքի նախարարի որոշումին, որուն հիմամբ կը ճշդուի լիբանանցի քաղաքացիներուն աշխատանքի իրաւունքը` պաշտպանելով երկրին գերիշխանութիւնը:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը կոչ ուղղեց սրբագրելու պաղեստինեան պահանջներուն կողմնացոյցը` զայն ուղղելով դէպի տունդարձի իրաւունքի գործադրութիւն:

Անդրադառնալով Քապըր Շմունի միջադէպին` մարոնի եպիսկոպոսները ընդգծեցին, որ այդ միջադէպին հարցը բաւական բարդացած է եւ կը խոչընդոտէ Լիբանանի կառավարութեան աշխատանքը: Անոնք կոչ ուղղեցին այդ միջադէպը լուծելու դատական իշխանութիւններուն միջոցով` հեռու քաղաքականացումէ:

«Լեռնալիբանանի հաշտութիւնը տեղւոյն ղեկավարութիւններն ու հեղինակութիւնները կը պարտաւորեցնէ ամրապնդել զայն` ամրապնդելով նաեւ ազգային համերաշխութիւնը», նշուեցաւ Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի հաղորդագրութեան մէջ:

Խորհուրդը ողջունեց իսլամ-քրիստոնեայ վեհաժողովը` զօրակցելով անկէ բխած հաղորդագրութեան, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց քաղաքական ուժերու ղեկավարութիւններուն` գործադրելու անոր բանաձեւերը:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/08/2019, 10:35