Հայաստանի Դեսպաններու հաւաք Հայաստանի Դեսպաններու հաւաք 

ՀՀ Վարչապետին անդրադարձը Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան նպատակներուն

«Հայաստանի Դեսպաններն Իրենց Հաւատարմագրուած Երկրներում Պէտք Է Ներկայանան Որպէս Համահայկական Ներկայացուցիչ, Համայն Հայութեան Ներկայացուցիչ»

Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան նպատակը ՀՀ ինքնիշխանութիւնն ու անվտանգութիւնը ապահովելն է, ինքնիշխանութեան ու անվտանգութեան մակարդակը հետեւողականօրէն բարձրացնելը, մեր երկրի եւ անոր քաղաքացիներու անվտանգութեան ու բարեկեցութեան համար առաւել նպաստաւոր արտաքին միջավայր ձեւաւորելը:

Ունկնդրէ լուրը

Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին ՀՀ ԱԳՆ կեդրոնական մարմնի եւ արտերկրի մէջ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներու հաւաքին ընթացքին ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, նշելով, որ ասիկա տեղի ունենալու համար, անհրաժեշտ է, որ Հայաստանի ձայնը, դիրքորոշումները, մօտեցումներն ու նպատակները աշխարհի համար ըլլան աւելի տեսանելի, լսելի եւ ընդունելի:

«Այսպիսով, կը ձեւակերպուի Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան խնդիրը. բարձրացնել Հայաստանի Հանրապետութեան առարկայականութիւնը միջազգային յարաբերութիւններու մէջ, բարձրացնել Հայաստանի Հանրապետութեան հեղինակութիւնը միջազգային յարաբերութիւններու մէջ: Արդեօք մենք ասոր համար ունի՞նք նախադրեալներ եւ հնարաւորութիւններ: Այո՛, միանշանակ»,- ըսած է վարչապետը՝ անդրադառնալով նախորդ տարուան յեղափոխութեան։  «Ժողովրդավարութիւնը պէտք է դառնայ ՀՀ արտաքին քաղաքականութեան թիւ մէկ այցեքարտը, եւ մեր խնդիրն է աշխարհին ցոյց տալ, որ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութիւնը անշրջելի է, որովհետեւ անիկա հիմնուած եւ յենուած է ոչ թէ անձի, ոչ թէ յստակ քաղաքական շրջանակի, այլ ժողովուրդի գիտակցութեան, կամքի եւ ձգտումներուն վրայ»,- ըսած է Փաշինեանը:

Վարչապետի համոզումով՝ յաջորդ սկզբունքը, որ պէտք է օգնէ բարձրացնելու Հայաստանի առարկայականութիւնը, համահայկականութիւնն է:

«Մեր արտաքին քաղաքական բարդութիւններէն ու բարդոյթներու ամենաառանցքայինը փոքր ազգի, փոքր պետութեան ընկալումն է: Ի դէպ, այս բարդոյթը յաճախ արտայայտութիւն կը գտնէ մեր հանրային, պետական կեանքի բոլոր մակարդակներուն վրայ, ամենօրեայ կենցաղէն մինչեւ արտաքին քաղաքականութիւն: Հետեւաբար, փոքրի բարդոյթը յաղթահարելը կենսական նշանակութիւն ունի մեզի համար, եւ ասոր գործնական լուծումը իմ պատկերացումով հետեւեալն է` Հայաստանի դեսպանները իրենց հաւատարմագրուած երկիրներուն մէջ՝ պէտք է ներկայանան ո՛չ թէ իբրեւ փոքր քաղաքական խմբակի կամ իշխող վերնախաւի կամ, նոյնիսկ, անգամ, փոքր պետութեան, այլ, իբրեւ համահայկական ներկայացուցիչ, համայն հայութեան ներկայացուցիչ: Ասոր համար այսօր կան բոլոր պայմաններն ու նախադրեալները, որովհետեւ ՀՀ կառավարութիւնը ունի ժողովրդական աջակցութեան նոյնպիսի մակարդակ Հայաստանի ու Սփիւռքի մէջ, եւ քանի որ համաձայնեցանք, որ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութիւնը անշրջելի է, ու քանի որ բազմիցս յայտարարած ենք, որ մեր կառավարութեան նպատակը Սփիւռքի, Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ սահմանները ջնջելն ու վերացնելն է, հասկնալն է, որ այսպիսի իրավիճակը պէտք է յարատեւ ըլլայ: Համահայկականութեան տրամաբանութիւնը պէտք է նոր կշիռ տայ Հայաստանի Հանրապետութեան, անոր խօսքին ու դիրքորոշման, իսկ այսպիսի խնդիր լուծելու համար Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները հայկական համայնք ունեցող բոլոր երկիրներուն մէջ պէտք է ըլլան ողջ հայութիւնը համախմբող գործօն, եւ դադրին Սփիւռքի մեր հայրենակիցները բաժնելու ընդդիմադիրներու եւ իշխանամէտներու, հիներու եւ նորերու»,- նշած է վարչապետը:

Քաղուած «Եռագոյն» էն

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/08/2019, 09:12