Որոնել

Տարբրե կրօններու հաւատացեալներ Տարբրե կրօններու հաւատացեալներ 

«Կրօնները խաղաղութեան համար» միջազգային ցանցի համաշխարհային 10-րդ համագումարը:

«Կրօնները խաղաղութեան համար» կազմակերպութիւնը հիմնուած է 1970-ին, ան միջազգային ցանց մըն է եւ ղեկավարուած կրօնապետերէ կազմուած համաշխարհային խորհուրդի մը կողմէ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

20-էն – 23 օգոստոս 2019-ին, Գերմանիոյ Լինտաու քաղաքին մէջ գումարուեցաւ «կրօնները խաղաղութեան համար» միջազգային ցանցի համաշխարհային 10-րդ համագումարը, մասնակցութեամբ բազմաթիւ կրօնապետերու , աշխարհի 150 երկիրներէ ժամանած տարբեր դաւանանքներէ բարի կամք ունեցող այր մարդիկ ու կիներ, ինչպէս նաեւ զանազան Պետութիւններուն, կազմակերպութիւններուն, եւ քաղաքացիական ընկերութիւններուն ներկայացուցիչներ:

Ունկնդրէ լուրը

«Խնամք տանիլ մեր հասարակաց ապագային: Խթանել բաժնուած բարեկեցութիւնը» նիւթով համագումարին նպատակն է հասարակաց բարիքով շահագրգռուած անձերուն մէջ խթանել համագործակցութեան հոգին:»

Տարբեր Պետութիւններուն ներկայացուցիչներուն շարքին, գերմանիոյ դաշնային հանրապետութեան նախագահ Ֆրանք Վալթեր Սթեյնմեր Համագումարի ընթացքին ունեցած ելոյթին մէջ ընդգծեց որ կարելի չէ կրօնը շահագործել արդարացնելու համար պատերազմներն ու ահաբեկչական արարքները- ընդհակառակ կրօնը պէտք է դառնայ խաղաղութեան միջոց:
Համագումարին, կրօնապետերուն շարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին ու ելոյթ ունեցան ի մէջ այլոց Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կողմէ Կարդինալ Ճոն Օլորուֆեմի եւ Կոստանդնուպոլսոյ Բարթողիմէոս Ա Տիեզերական Պատրիարքը:
Ծիրանաւոր իր ունեցած ելոյթին մէջ դիտել տուաւ որ ազգերու մեծութիւնը չի չափուիր իրենց ռազմավարական եւ տնտեսական զօրութեամբ՝ շահագործելով ուրիշները:

Մինչ\ Բարթողոմէոս Պատրիարքը իր ելոյթին մէջ նկատել տուաւ թէ ոչ մէկ ազգ, կրօն, գիտութիւն առանցին կարող է ժամանակից հարցերը դիմագրաւել:
Կարիքը կայ մէկը միւսին կարիքը կայ հասարակաց եւ միասնական գործողութիւններուն, ջանքերուն եւ կէտնպատակներուն : Ան ընդգծեց թէ ապագան հասարակաց է եւ դէպի այդ ապագայ տանող ուղեւորութիւնը հասարակաց ճամբորդութիւնն է :
Պատրիարքը ապա անդրադարձաւ նաեւ կրօնները խաղաղութեան ի սպաս միջազգային կազմակերպութեան, ընդգծելով թէ կազմակերպութիւնը՝ աշխարհի խաղաղութեան եւ հասարակաց տան բարիքի ի նպաստ տածած եւ կը տանի բազմաթիւ աշխատանքներ:

Յայտնենք թէ «կրօնները խաղաղութեան համար» կազմակերպութիւնը հիմնուած է 1970-ին, ան միջազգային ցանց մըն է եւ ղեկավարուած կրօնապետերէ կազմուած համաշխարհային խորհուրդի մը կողմէ:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/08/2019, 09:36