Պաղեստինէն առնուած լուսանկար Պաղեստինէն առնուած լուսանկար 

Միջին արեւելքի խաղաղութեան բանալին Պաղեստինեան անկախ պետութիւնն է:

Յորդանանի բնակչութեան կէսէն աւելին պաղեստինցի է, որուն մեծ մասը Իսրայէլի կողմէ բռնագրաւուած պաղեստինեան հողերէն փոխուստ տալով Յորդանան ապաստանած է

Սպիտակ տան բարձրաստիճան խորհրդական եւ նախագահ Տանըլտ Թրամփի փեսան՝ Ճերըտ Քուշնըր, 31 Յուլիսին Ամմանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին հետ, փորձելով մեղմացնել Միջին Արեւելքի խաղաղութեան ամերիկեան նոր ծրագիրին նկատմամբ Յորդանանի մտավախութիւնները։

Սակայն, Քուշնըր ձախողեցաւ իր առաքելութեան մէջ, երբ թագաւորը պնդեց, որ Քուշնըրի կողմէ յառաջ տարուող նոր ծրագիրը պէտք է իր մէջ ունենայ պաղեստինեան անկախ պետութիւն մը հաստատելու պայմանը, զայն նկատելով Միջին Արեւելքի խաղաղութեան բանալին:

Նկատի ունենալով, որ Յորդանանի բնակչութեան կէսէն աւելին պաղեստինցի է, որուն մեծ մասը Իսրայէլի կողմէ բռնագրաւուած պաղեստինեան հողերէն փոխուստ տալով Յորդանան ապաստանած է, որեւէ համաձայնութիւն, որ կրնայ անոնց վերադարձին ընտրանքը խլել, վտագ կը սպառնայ Յորդանանի գոյութեան։

Ապտալլա Բ. թագաւորը կրկնեց, որ որեւէ համաձայնութիւն պէտք է իր մէջ ունենայ 1967էն ետք Իսրայէլի կողմէ բռնագրաւուած տարածքներու վերադարձի պայմանը, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ պաղեստինեան անկախ պետութիւն մը հիմնել, որուն մայրաքաղաքը պիտի ըլլայ Արեւելեան Երուսաղէմը։

Սակայն, ամերիկեան ներկայ վարչակազմին դիրքը յստակօրէն բացատրուեցաւ Իսրայէլի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Ֆրիտմընի կողմէ, որ յայտնեց. «Ամերիկեան վարչակազմը պաղեստինցիներուն քաղաքային ինքնակառավարման կը հաւատայ եւ ոչ թէ պաղեստինեան պետութեան: Կը կարծենք, որ ինքնավարութիւնը պէտք է տարածուի մինչեւ այն կէտը, ուր կը սկսի Իսրայէլի ապահովութիւնը»:

Քաղուած Ասպարէզէն 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/08/2019, 10:43