Որոնել

Երիտասարդաց հաւաք Երիտասարդաց հաւաք 

Լիբանանի մէջ տարածաշրջանային երիտասարդաց հաւաք:

Յիշեալ երիատարդաց հաւաքը հերթափար տեղի կ՝ունենայ ամէն տարի՝ 2006 թուականէն է վեր:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Լիբանանէն, Սուրիայէն, Իրաքէն, Յորդանանէն եւ Եգիպտոսէն ժամանած  աւելի քան 400 երիտասարդներու մասնակցութեամբ, Լիբանանի մէջ տեղի կ՝ունենայ տարածաշրջանային երիատաարդաց  հաւաքի  5-րդ փուլը:

Ունկնդրէ լուրը

Նախաձեռնութեամբ միջին արեւելքի մէջ Յիսուսեան միաբանութեան, յիշեալ երիատարդաց հաւաքը  հերթափար տեղի կ՝ունենայ ամէն տարի՝  2006 թուականէն ի վեր,  որուն ծիրէն տեղի կ՝ունենան աղօթք,  եղբայրական հանդիպում,  ուր երիտասարդներ կանչուած են մտածելու ՝ միջին արեւելքի մէջ իրենց ներկայութեան ու ապագային մասին,  բախումներէ եւ բռնութիւններէ խոցուած տարածաշրջանի մը մէջ:

Այս տարուան Միջին արեւելքի երիտասարդաց  հաւաքը ունի որպէս նիւթ «այս խաղաղութիւնը,  կախեալ է ձեր խաղաղութենէն»:  Հաւաքին նպատակն է խրախուսել երիտասարդները՝ հետապնդելու իրենց երազներուն ու փափաքներուն, որպէսզի անոնք  իրազեկ դառնալով իրենց սեփական կարողութեան եւ զարգացնելով իրենց ձիրքերը այդ բոլորը դնեն իրենց ապրած ընկերութեան տրամադրութեան տակ:  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/08/2019, 10:38