Ամազոնի անտառի հրդեհներու տարածքը կ՛ընդլայնի Ամազոնի անտառի հրդեհներու տարածքը կ՛ընդլայնի 

Ամազոնի անտառի հրդեհներու տարածքը կ՛ընդլայնի

Պրազիլի մէջ հինգշաբթի եւ ուրբաթ օր Պրազիլի մէջ յառաջացած են աւելի քան 1600 հրդեհներ, որոնց կէսը` Ամազոնի անտառին մէջ:

Վերջին 48 ժամուան ընթացքին Ամազոնի անտառին մէջ ծագած հրդեհներուն տարածքը ընդլայնելով հասաւ հազարաւոր հեկտարներու:

Պրազիլի մէջ հինգշաբթի եւ ուրբաթ օր  յառաջացած են աւելի քան 1600 հրդեհներ, որոնց կէսը` Ամազոնի անտառին մէջ:

Պրազիլական Ամազոնաս նահանգը արտակարգ դրութիւն յայտարարեց հրդեհներուն պատճառով, որոնք տարածուած են աւելի քան երեք միլիոն քառակուսի քիլոմեթրի վրայ եւ տեսանելի են անջրպետէն:

Պրազիլական բանակի սպայակոյտի պետը յայտնեց, որ բանակը երկրին հիւսիսը գտնուող Ամազոնի շրջանին մէջ տեղակայած է 44 հազար զինուոր` պայքարելու համար անտառային հրդեհներուն դէմ: Ան նշեց, որ Պրազիլի այլ շրջաններէն յաւելեալ զինուորներ ուղարկելու կարելիութիւն գոյութիւն ունի:

Պրազիլական իշխանութիւնները վերջերս հաղորդեցին, որ այս տարուան ընթացքին Ամազոնի անտառներուն մէջ աւելի քան 72 հազար հրդեհ տեղի ունեցած է, ինչ որ 83 առ հարիւրով աւելի է, քան անցեալ տարուան նոյն ժամանակաշրջանը:

ՄԱԿ-ի Օդերեւոյթի գործակալութիւնը զգուշացուց այս հրդեհներուն առողջութեան վրայ ունենալիք ազդեցութենէն, որովհետեւ երկինքը կը լեցնեն մասնիկներով եւ վնասակար կազերով, որոնք կը տարածուին իրենց կեդրոնէն շատ հեռու:

Գործակալութիւնը աւելցուց, որ կլիմայի փոփոխութեան եւ երաշտի աճին պատճառով հրդեհներու վտանգը կ՛աճի:

Պրազիլի նախագահ Ժայիր Պոլսոնարու բանակին արտօնեց Ամազոնի անտառի հրդեհներուն դէմ պայքարին օժանդակելուն, սակայն ըստ պրազիլական օրէնքին, նահանգները պէտք է իրենք աջակցութիւն խնդրեն, որպէսզի զինուորներու տեղակայում կատարուի:

Միւս կողմէ, բրիտանական «Տէյլի Թելեկրաֆ» օրաթերթը հաղորդեց, որ մինչ Պրազիլի մայրաքաղաք Ռիօ տէ Ժանէյրոյի  եւ շարք մը այլ քաղաքներու մէջ ցոյցեր տեղի կ՛ունենան` Ամազոնի արեւադարձային անտառներուն մէջ մրցանշային թիւով հրդեհները անյապաղ մարելու կոչերով, Պրազիլի նախագահը զինուորական ձեռնարկի ժամանակ սելֆիներ կ՛առնէ եւ կը կատակէ:

Աղբիւրին հաղորդումով, շաբաթ օր Պրազիլի բանակի սպայակոյտի կեդրոնին մէջ Զինուորի օրուան արարողութեան ժամանակ Ժայիր Պոլսոնարուն զինուորական պերէ փորձած է, սելֆիներ առած է եւ անհոգ տեսք ունեցած:

Մինչ այդ, աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան Ամազոնի անտառներու մէջ հրդեհները մարելու պահանջով:

Ցուցարարները Լոնտոնի, Ժընեւի, Փարիզի, Մատրիտի, Միլանի եւ Պերլինի մէջ հաւաքուած են հիւպատոսարաններուն մօտ եւ ճամբաներ փակած` պատմութեան մէջ վատագոյն հրդեհները կանգնեցնելու կոչերով եւ պաստառներով:

Բողոքի ցոյցի մասնակիցները Փարիզի մէջ Պրազիլի դեսպանատան մօտ վանկարկած են` «Պոլսոնարու հեռացի՛ր»:

Բրիտանիոյ մէջ ցոյցի մասնակիցները հաւաքուած են երկրի մայրաքաղաքին մէջ գտնուող պրազիլական հիւպատոսութեան մօտ` Պոլսոնարուին կոչ ուղղելով` կանխարգիլելու Ամազոնի արեւադարձային անտառներու զանգուածային հրդեհները:

Նշենք, որ Ամազոնի արեւադարձային անտառը աշխարհի մէջ մեծագոյնն է, եւ կենսական նշանակութիւն ունի տարբեր կազերու արտանետումներու կլանման գործին մէջ, ինչպէս նաեւ կը դանդաղեցնէ երկրագունդի ջերմացումը:

Հրդեհներու թիւի մրցանշային աճին համար քննադատները կը մեղադրեն Պրազիլի նախագահ Ժայիր Պոլսոնարուն, որ, անոնց համաձայն, չի կանգնեցներ անտառահատումներն ու հողագործները կը խրախուսէ ընդլայնելու իրենց տարածքները:

Քաղուած «Ազդակ»էն

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/08/2019, 09:21