Որոնել

Թուրքիոյ եւ սուրիոյ սահմանը Թուրքիոյ եւ սուրիոյ սահմանը 

Հազարաւոր գաղթականներ Սուրիոյ Իտլիպ շրջանէն Թուրքիոյ սահմանը կը հասնին

Ըստ ՄԱԿի տուեալներուն՝ վերջին երեք ամիսներուն ընթացքին այդ շրջանին մէջ սաստկացած բախումներուն պատճառով մօտաւորապէս 500 անձեր սպաննուած են եւ տեղահանուած են 440,000 ուրիշներ։

Մինչ Թուրքիոյ իշխանութիւնները արագացուցած են սուրիացի գաղթականներ արտաքսելու իրենց ծրագիրին գործադրութիւնը, Սուրիոյ Իտլիպ նահանգին մէջ շարունակուող զինեալ բախումներուն իբրեւ հետեւանք՝ հազարաւոր քաղաքացիներ վերջին քանի մը օրերուն, փախուստ տալով շրջանէն՝ հասած են Թուրքիոյ սահմանը: Այս մասին տեղեկութիւններ փոխանցող ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարի բանբերի տեղակալ Ֆարհան Հաք մտահոգութիւն յայտնեց Սուրիոյ հիւսիս-արեւմտեան շրջաններուն մէջ շարունակուող բախումներուն եւ տարածքին մէջ մնացած մօտաւորապէս 3 միլիոն բնակիչներուն ճակատագիրին վերաբերեալ:

Ըստ ՄԱԿի տուեալներուն՝ վերջին երեք ամիսներուն ընթացքին այդ շրջանին մէջ սաստկացած բախումներուն պատճառով մօտաւորապէս 500 անձեր սպաննուած են եւ տեղահանուած են 440,000 ուրիշներ։

Նշենք, որ Սուրիոյ իշխանութիւնները կը փորձեն ահաբեկչական խմբաւորումներէն ազատագրել ներկայիս Թուրքիոյ մասնակի հակակշիռին տակ գտնուող այդ տարածքը։

Քաղուած Ասպարէզ-էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/08/2019, 09:07