Ռայի Պատրիարք Ռայի Պատրիարք 

Ռայի Պատրիարքը բացումը կատարեց Պքերքէի ընկերային-տնտեսական Ֆորումին

Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ Լիբանան հասած շուրջ երկու միլիոն սուրիացի տեղահանուածները կը միտին մեր հողերուն վրայ հաստատուիլ, ինչ որ կը սպառնայ լիբանանեան ինքնութեան

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ բացումը կատարեց Պքերքէի ընկերային-տնտեսական ֆորումին, որուն առիթով շեշտեց, որ լիբանանցի ներկայ քաղաքական անձնաւորութիւնները Լիբանանի երիտասարդութեան հանդէպ պատասխանատուութեամբ չեն վարուիր, ընդհակառակն` անոնք երիտասարդութեան դիմաց յոյսի եւ պայծառ հորիզոններու բոլոր դռները կը փակեն` անոնց դիմաց բանալով արտագաղթի դռները:

Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ լիբանանցի երիտասարդներուն 40 առ հարիւրը անգործ է` հարց տալով, որ արդեօք քաղաքական անձնաւորութիւնները չե՞ն գիտեր, թէ՞ առանց ուսանած եւ ստեղծագործ երիտասարդութեան երկիրը խոստմնալից ապագայ չի կրնար ունենալ:

Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ Լիբանան հասած շուրջ երկու միլիոն սուրիացի տեղահանուածները կը միտին մեր հողերուն վրայ հաստատուիլ, ինչ որ կը սպառնայ լիբանանեան ինքնութեան: Ան աւելցուց, որ Պքերքէի այս ֆորումը բոլորը կը զետեղէ այս մարտահրաւէրներուն դիմաց:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/08/2019, 07:54