Ֆրանչիսկոս Պապին պատարագը Գիւմրիի մէջ (Յուլիս 2016) Ֆրանչիսկոս Պապին պատարագը Գիւմրիի մէջ (Յուլիս 2016) 

Բաց նամակ Գիւմրիին` Հայաստանի Նախագահ Արմէն Սարգսեանէն

Այսօր ես Հայաստանի նախագահն եմ, սակայն քու մասիդ, Գիւմրի՛, ես կը շարունակեմ մտածել նախ եւ առաջ իբրեւ հայ

Երէկ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան հետեւեալ բաց նամակը յղած է Գիւմրիի օրուան առիթով:

Ունկնդրէ լուրը

«Այսօր ես Հայաստանի նախագահն եմ, սակայն քու մասիդ, Գիւմրի՛, ես կը շարունակեմ մտածել նախ եւ առաջ իբրեւ հայ, իբրեւ մարդ, որ լաւ գիտէ, թէ ի՛նչ է Գիւմրին, ով է գիւմրեցին: Այո՛, ինծի համար բախտ վիճակուած է  այցելել աշխարհի շատ հին ու նոր քաղաքներ, որոնք բոլորն ալ ունին իրենց հմայքն ու գրաւչութիւնը: Սակայն քու բացառիկ բնոյթդ ու ոգիի մաքրութիւնդ են, որ զիս կրկին կը կանչեն քեզ մօտ», գրած է նախագահը: «Այս է պատճառը, որ ես քեզ այցելող ոեւէ օտարերկրացիի, ինչպէս նաեւ  Հայաստանի, Արցախի ու սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն կ՛ըսեմ` ինչպէ՞ս կրնան չսիրահարիլ քեզ այնպէս, ինչպէս ես սիրահարեցայ»:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/08/2019, 09:39