Էրիթրէայի մէջ կաթողիկէ եկեղեցի Էրիթրէայի մէջ կաթողիկէ եկեղեցի 

Էրիթրէայի մէջ ձերբակալուած են աւելի քան 150 քրիստոնեաներ:

Վախ կայ, որ էրիթրէայի մէջ կաթողիկէ դպրոցները փակուին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Էրիթրէայի մէջ պետական մակարդակի վրայ քրիստոնեաներուն դէմ հալածանքները տակաւին կը շարունակուին:
Տարւոյս յունի-յուլիս ամիսներուն, պետութեան կողմէ բռնագրաւուած են կաթողիկէ առողջապահական զանազան կառոյցներ, եւ տարբեր քաղաքներուն մէջ ձերբակալուած են աւելի քան 150 քրիստոնեաներ:

Ունկնդրէ լուրը

Այս մասին տեղեկութիւն տուած է Wolrd Watch Monitor քրիստոնեայ դիտարանը, ըստ որուն վերջերս 18 օգոստոսին, Էրիդրէայի մայրաքաղաք, Ասմարային միջազգային օդակայանի մօտակայքը ձերբակալուած են այլ 80 քրիստոնեաներ:
Վերոնշեալ դիտարանի վկայութեամբ, 16 օգոստոսին, քրիստոնեայ պետական 6 պաշտօնեաներ ձերբակալուած եւ փոխադրուած են Ասմարայի դատարան, ուր դատաւորը քրիստոնեայ պաշտօնեաներէն խնդրած է որ հրաժարին իրենց կրօնէն:

23 յունիսին, Faith Mission Church of Christ եկեղեցւոյ պատկան 70 քրիստոնեաներ ձերբակալուած եւ փոխադրուած են երկրի մեծագոյն քաղաքին բանտը որ կը գետնի տակ, ասոնց շարքին 35 կիներ եւ մանուկներ:
Վատիկան Նիւզի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Էրիդրէացի քահանայ հայր Մուսի Զերա յայտնեց թէ էրիթրէայի պետութիւնը կը հանդուրժէ լոկ երկրին մէջ արմատած կրօններ մինչ փոքրամաս հասարակութիւններուն նոր կրօնները ինչպէս աւետարանական եկեղեցւոյ պատկան կրօններ 2001 թուականէն ի վերջ յայտարարուած են անօրէն:

Հայր Մուսի խօսելով ապա Էրիդրէայի մէջ վերջերս կաթողիկէ բարեսիրական հաստատութիւններուն բռնագրաւումի մասին, նշեց թէ երկու ամսուան ընթացքին, փակուած են աւելի քան 29 կառոյցներ, հիւանդանոցներ, բուժարաններ՝մատակարուած կաթողիկէ եկեղեցւոյ կողմէ աւեցնելով թէ վախ կայ, որ կաթողիկէ դպրոցները եւս փակուին, ըսած է էրիթրէացի վարդապետը աւելցնելով, որ էրիթրէաի մէջ գոյութիւն ունին աւելի քան 50 կաթողիկէ դպրոցներ, նախակրթարանէն սկսեալ մինչեւ բարձրագոյն վարժարաններ :
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/08/2019, 12:00