Որոնել

Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 

Նախագահ Արմէն Սարգսեանի ուղերձը համահայկական ամառնային 7-րդ խաղերու մասնակիցներուն:

Դուք իրականութեան մէջ տուն եկած էք՝ ձեր Հարազատ հայկական օճախ:

ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան ուղերձ յղած է Համահայկական ամառնային 7-րդ խաղերու մասնակիցներուն եւ հիւրերուն:

«Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Համահայկական ամառնային 7-րդ խաղերու յարգելի՛ մասնակիցներ, Հայաստանի եւ Արցախի յարգարժա՛ն հիւրեր: Այսօր դուք կը գտնուիք հայկական հինաւուրց հողին վրայ, սակայն ձեզմէ ոչ մէկը հիւր է, որովհետեւ իրականութեան մէջ դուք տուն եկած էք` ձեր հարազատ հայկական օճախ: Եկած էք մասնակցելու համահայկական ձեռնարկին, եկած էք վայելելու հայկական միջավայրը, հարստացնելու զայն, եկած էք մրցելու եւ յաղթելու: Իսկ Արցախն ու արցախցին շատ լաւ գիտեն, թէ ինչ է յաղթանակը: Այս տարի կը նշուի համահայկական խաղերուն 20-ամեակը: Ուստի առաւել քան խորհրդանշական է համահայկական խաղերը այս անգամ Արցախէն՝ պատմական Մեծ Հայքի Արցախ նահանգէն սկսիլը: Յիշենք, որ 385 թուականին Մեծ Հայքի Վարազդատ թագաւորը դարձաւ ողիմպիական խաղերու առաջին հայ ախոյեանը, սակայն մեզի համար համահայկական խաղերը պակաս նշանակութիւն չունին, քան ողիմպիական խաղերը:

Համահայկական այս խաղերուն վառած է խորհրդանշական երեք ջահ` հայկական պատմական երեք տարածքներու մէջ. Կիլիկեան Հայաստան` Մուսայ Լերան ստորոտին, Արարատեան դաշտ` Խոր Վիրապի մէջ, եւ Արցախ՝ Տիգրանակերտի մէջ: Երեք ջահերը մեզի փոխանցած են առնուազն երեք պատգամ` միասնական ըլլալու, մէկ Հայրենիքի շուրջ համախմբուելու եւ զայն հզօրացնելու պատգամ:

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Համահայկական խաղերը Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեամբ Հայրենիքին վերստին շաղկապուելու բացառիկ հնարաւորութիւն են: Անոնք զուտ մարզական ձեռնարկ չեն: Ի տարբերութիւն ողիմպիական խաղերու խորհրդանիշ հինգօղակներու, համահայկական խաղերու օղակները այնքան շատ են, որքան հայկական աշխարհի քարտէզի բազմազանութիւնը:

Աշխարհի աւելի քան 35 քաղաք ներկայացնող մասնակիցներ ոչ միայն պիտի մրցին տարբեր մարզաձեւերու մէջ, այլեւ, միացնելով իրենց ձեռքերը, պիտի ձեւաւորեն միասնութիւն եւ համերաշխութիւն խորհրդանշող համահայկական ամուր բռունցքը: Համահայկական խաղերը մարմնամարզանքի զարգացումը խթանելէ բացի, մեր մարմնական եւ հոգեւոր առողջութիւնը խթանող քայլ են:

Անոնք նաեւ հայրենաճանաչութեան եւ, ինչու չէ, հայրենադարձութեան հզօր ազդակ են, Հայրենիքին կապուելու, Հայրենիքը սիրելու եւ անոր մօտէն օգտակար ըլլալու ազդակ:

Մեկնարկելով Արցախի Հանրապետութեան մէջ` համահայկական խաղերը քանի մը  օրէն պիտի շարունակուին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ:

Յոյսով եմ, որ այցելութիւնը Արցախ եւ Հայաստան ձեր մէջ ամենաջերմ ու հաճելի տպաւորութիւնները պիտի ձգէ, իսկ մեկնարկող խաղերը պիտի պարգեւեն շատ վառ ու յիշարժան պահեր: Յաջողութիւն եւ ամենայն բարիք ձեզ»,- ըսուած է նախագահի ուղերձին մէջ:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/08/2019, 14:57