Շէյքսփիրի անուան Հայկական ընկերակցութեան Գ. համագումարը Շէյքսփիրի անուան Հայկական ընկերակցութեան Գ. համագումարը 

Շէյքսփիրի անուան Հայկական ընկերակցութեան Գ. համագումարը տեղի ունեցաւ Վենետիկի մէջ

Այս տարուան համագումարը նուիրուած էր Վահրամ Փափազեանի մահուան 130-ամեակին

Շէյքսփիրի անուան հայկական ընկերակցութեան երրորդ համագումարը տեղի ունեցաւ Վենետիկի Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանին մէջ` Մխիթարեան միաբանութեան համար պապական պատուիրակ Լեւոն արք. Զէքիեանի հովանաւորութեամբ:

Հանդիպման, որ տեղի ունեցաւ Յուլիս 15-ին, մասնակցեցան ընկերակցութեան պատուոյ նախագահ, հայրենի բանաստեղծ եւ բանասէր Հենրիկ Էդոյեան եւ հիմնադիր Յասմիկ Սայմըր, ինչպէս նաեւ` Միացեալ Նահանգներէն, Միացեալ Թագաւորութենէն, Ֆրանսայէն, Յունաստանէն, Լեհաստանէն, Արժանթինէն եւ ուրիշ երկիրներէ եկած մասնագէտներ, որոնք իրենց զեկուցումները կարդացին յայտնի անգլիացի թատերագիրին կապուած հարցերու շուրջ, ինչպէս` «Շէյքսփիր եւ օտարները», «Շէյքսփիրի թարգմանութիւններ», «Շէյքսփիրի եւ Վենետիկի առասպելը» եւ այլ նիւթեր:

Բացման խօսքը արտասանեց Սերոբ վրդ. Չամուրլեանը, որ անդրադարձաւ Մխիթարեան միաբանութեան շէյքսփիրեան  թարգմանութիւններու աւանդութեան, ապա լրագրող Աւետիս Հաճեանը հակիրճ կերպով ներկայացուց Վենետիկի հայ գաղութի պատմութիւնը:

Այս տարուան համագումարը նուիրուած էր Վահրամ Փափազեանի մահուան 130-ամեակին: Փափազեան համարուած էր Խորհրդային Միութեան լաւագոյն շէյքսփիրեան դերասանը, մասնաւորաբար յայտնի` իր Օթելլոյի դերակատարութեամբ, ան նաեւ Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանի սան եղած է:

Քաղուած Եռագոյնէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/08/2019, 09:05