Խաչեալ Յիսուսը Խաչեալ Յիսուսը 

Ձախաւեր անկիւնադարձ - Գերյարգելի Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ Զապարեանի մտորումներ

Քեպէքի մէջ 9 Յուլիս 2019-ին, անշշուկ ու անվայել վերցուեցաւ Ազգային Ժողովի նախագահին՝ 1936-էն ի վեր թիկնաթոռի վերեւ կախուած խաչելութիւնը, ի գոհունակութիւն «աշխարհականացման» դրօշը բարձրացնողներուն:
Ունկնդրէ լուրը

Քեպէք Նահանգի քաղաքական բոլոր կուսակցութիւններուն փոխզիջումներու վրայ հիմնուած, 9 Յուլիս 2019-ին, անշշուկ ու անվայել վերցուեցաւ Ազգային Ժողովի նախագահին՝ 1936-էն ի վեր թիկնաթոռի վերեւ կախուած խաչելութիւնը, ի գոհունակութիւն «աշխարհականացման» դրօշը բարձրացնողներուն:

Կարծես թէ իր մատնահետքերը թաքցնելու համար, կառավարական պաշտօնեայ մը «ձեռնոցաւոր ձեռքերով», առանց ակնածանքի վար առաւ քրիստոնէական կրօնքի խորհրդանիշը՝ Խաչելութիւնը:

Լրագրողներուն մեծամասնութիւնը դէպքը հաղորդեց իբրեւ պատմական անկիւնադարձ մը՝ առանց դոյզն յուզումի, խուսափելով թեր կամ դէմ կարծիքներ արտայայտելէ այս առնչութեամբ՝ «ի սէր անկողմնակալութեան»:

Ստոյգ է, որ դէպքը պատմական անկիւնադարձ է. սակայն...ձախաւեր, զի անարգաբար «աղբանոց»-ի մէջ նետուեցաւ «Գեղեցիկ Նահանգ»-ին քրիստոնէական գլխաւոր ժառանգութիւններէն մէկը, յանուն «չէզոքութեան» այլ կրօնքներուն նկատմամբ, նպատակ ունենալով հարիւրաւոր տարիներէ ի վեր՝ զիրենք թրծող հաւատքի հետքերը անճիտել հանրային վայրերէն եւ կառավարական հաստատութիւններէն:

Պատահածը հետեւանք է հետզհետէ շեշտակի բացայայտուող կարգ մը ցաւալի երեւոյթներուն, ինչպէս՝

 - Անհաւատարմութիւն արմատներուն հանդէպ.

- Հակամարտութիւն Եկեղեցւոյ դէմ.

- Անտարբերութիւն քրիստոնէական կրօնքին նկատմամբ.

- Նօսրացում Հաւատքի.

- Համակրանք այլ կրօնքներուն կամ աղանդներուն հանդէպ.

- Թուլացում Աւետարանի քարոզութեան.

- Անտեսում կրօնագիտութեան:

Այս ժխտական երեւոյթները ամէն օր կը թարգմանուին Աստուծոյ պատուիրաններուն ոտնահարումով, ընտանեկան սրբութիւններուն պղծումով, բարոյական սկզբունքներուն անտեսումով, մարդկային արժէքներու վերիվայրումներով...ինչ որ մարդուն մէջ հոգեկան դատարկութիւն մը կը ստեղծէ:

Այս կապակցութեամբ, վերջերս հրապարակուած վիճակագրութեան մը համաձայն, քրիստոնէական կրօնքին նահանջը մտահոգիչ համեմատութիւններ արձանագրեր է, յատկապէս Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ, ուր բնակչութեան 25 տոկոսը մերժած է որեւէ կրօնական պատկանելիութիւն: Իսկ երբ խօսքը կը վերաբերի երիտասարդներուն՝ պատկերը շատ աւելի տխուր է, քանի որ երեսուն տարեկանէն վար եղողներուն 40 տոկոսը անտարբեր են: Իսկ այս վերջին երեսուն տարիներուն մկրտուածներուն 80 տոկոսը չեն մասնակցիր Եկեղեցւոյ կեանքին:

Ամերիկաբնակ հայ երիտասարդները, պատկանելով հանդերձ «Խաչապաշտ» ժողովուրդի մը, որուն մօտ ազգութիւնն ու կրօնքը իրարմէ անքակտելի արժէքներ են, նմանօրինակ միջավայրի մէջ ապրելով՝ իրենք եւս ենթակայ են տարուելու այս «Խաչամարտ» հոսանքէն:

Այսպիսիններուն Պօղոս առաքեալ կը պատգամէ. «Այս աշխարհի մարդոց վարմունքը մի' ընդօրինակէք» (Հռոմէացիներուն 12, 2):

Առաքեալը մեզ բոլորս կը յորդորէ, որ չհամաձեւենք մեր մտայնութիւնը մեզ շրջապատող կրօնազուրկ եւ աստուածամերժ գաղափարներու եւ արժէքներու կաղապարին համաձայն:

Զգոյշ ըլլանք, որովհետեւ հո'ն, ուր Աստուած կը մոռցուի, հո'ն, «Ոսկի Հորթ»- երը ու չաստուածները կը պաշտուին:

Այս առնչութեամբ, Ֆրանչիսկոս Պապը մշտապէս հաւատացեալներուն կը յիշեցնէ՝ Եկեղեցւոյ անյետաձգելի պարտաւորութիւնը Աւետարանը քարոզելու: Եկեղեցին իր նուիրապետական կազմով եւ հաւատացեալներով կոչուած է խօսքով ու գործով Աստուծոյ Խօսքը հռչակելու միշտ եւ ամէնուրեք: Առաջնորդել մարդիկը դէպի Քրիստոս՝ Եկեղեցւոյ պարտաւորութիւններէն մէկը չէ', այլ՝ գլխաւորն է, որուն շուրջ ամէն ինչ կը դառնայ:

Հետեւաբար, քահանայք եւ ժողովուրդք կոչուած ենք արիաբար եւ անյապաղ Քրիստոսը աւետարանելու հեթանոսացած մերօրեայ շրջապատի մարդոց, գիտութեան մեզի ընծայած հաղորդակցութեան արդի միջոցներով, բայց յատկապէս քրիստոնէավայել կեանքով եւ բարի օրինակով, ուր ալ գտնուելու ըլլանք: Թոյլ չտանք, որ կործանարար աղանդները իրենց ստապատիր քարոզչութեամբ խաբեն ու մոլորեցնեն դիւրախոց երիտասարդութիւնը:

Եթէ երկրի պետական ղեկավարութիւնը յաջողեցաւ հանրային բեմերէն վերցնել Խաչելութիւնը, մենք չվերցնենք զայն մեր տուներէն: Խաչելութիւնը տնեցիներուն օրհնութիւն եւ քարոզութիւն է միանգամայն:

 Յաջողեցան Խաչելութիւնը «թաղել», անկարող են անոր արմատները խլել:

 Իցի՜ւ թէ, մեզմէ իւրաքանչիւրը կարենայ ձայնակցիլ Պօղոս առաքեալին. «- Գալով ինծի, քաւ լիցի, որ մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի խաչէն զատ ուրիշ բանով պարծենամ» (Գաղատացիներուն 6, 14):

Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ Զապարեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/08/2019, 09:17