Որոնել

Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան հիմնադրութեան 45ամեակին նուիրուած միջազգային գիտաժողով: Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան հիմնադրութեան 45ամեակին նուիրուած միջազգային գիտաժողով: 

Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան հիմնադրութեան 45ամեակին նուիրուած միջազգային գիտաժողով:

Պիտի արծարծուին Սփիւռքի զանազան գաղութներու եւ հիմնարկներու կազմաւորման ու կառավարման նուիրուած նիւթեր, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի դիմագրաւած ընկերային եւ մշակութային մարտահրաւէրները։

Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութիւնը (SAS) կը տեղեկացնէ, թէ իր հիմնադրութեան 45ամեակին առիթով, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ, հայկական Սփիւռքին նուիրուած միջազգային գիտաժողով մը պիտի իրականացնէ Շաբաթ, 12 եւ Կիրակի, 13 Հոկտեմբերին։ Անոր պիտի մասնակցին Իտալիայէն, Մեքսիքայէն, Ֆրանսայէն, Հայաստանէն, Անգլիայէն, Փորթուգալէն, Հոլանտայէն, Գերմանիայէն եւ Միացեալ Նահանգներու տարածքէն մտաւորականներ։

Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութիւնը (SAS) կը տեղեկացնէ, թէ իր հիմնադրութեան 45ամեակին առիթով, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ, հայկական Սփիւռքին նուիրուած միջազգային գիտաժողով մը պիտի իրականացնէ Շաբաթ, 12 եւ Կիրակի, 13 Հոկտեմբերին։ Անոր պիտի մասնակցին Իտալիայէն, Մեքսիքայէն, Ֆրանսայէն, Հայաստանէն, Անգլիայէն, Փորթուգալէն, Հոլանտայէն, Գերմանիայէն եւ Միացեալ Նահանգներու տարածքէն մտաւորականներ։

Երկօրեայ գիտաժողովը նաեւ առիթ մը պիտի հանդիսանայ մեծարանքի արժանացնելու սփիւռքեան ուսման եւ յատկապէս Հայկական Սփիւռքի մասնագէտ Խաչիկ Թէօլէօլեանը:

Գիտաժողովը, որուն մուտքը ազատ է, տեղի պիտի ունենայ «Ռոլֆ» շէնքին մէջ (թիւ 1200 սրահ)։

Գիտաժողովը կը համահովանաւորեն «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի եւ Ըրվայնի մասնաճիւղերուն, Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին, Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի եւ Նորթրիճի մասնաճիւղերուն մէջ գործող հայագիտական ամպիոնները եւ ծրագիրները, ինչպէս նաեւ Հայագիտական ուսմանց եւ ուսումնասիրութեանց ազգային միութիւնը (NAASR)։

Պիտի արծարծուին Սփիւռքի զանազան գաղութներու եւ հիմնարկներու կազմաւորման ու կառավարման նուիրուած նիւթեր, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի դիմագրաւած ընկերային եւ մշակութային մարտահրաւէրները։ Ուսումնասիրութիւններ պիտի ներկայացնեն  առաւել քան 20 մտաւորականներ։ Յատուկ նիստի մը ընթացքին պիտի քննարկուին «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան նախաձեռնած Սփիւռքի ուսումնասիրութեան ծրագիրին մանրամասնութիւնները, իսկ մեծարեալ Խաչիկ Թէօլէօլեան բանախօսութեամբ մը ելոյթ պիտի ունենայ Շաբաթ օրուան նիստերու աւարտին (մօտաւորապէս ժամը 4։30ին), «Սփիւռքներու ուսումնասիրութենէն դէպի Սփիւռքի ուսումնասիրութիւններ»։

Խաչիկ Թէօլէօլեան սփիւռքեան ուսմանց ոլորտի հիմնադիրներէն մէկն է եւ հիմնադիր խմբագիրը հեղինակաւոր «Diaspora։ A Journal of Transnational Studies» («Սփիւռք. Անդրազգային Ուսմանց պարբերաթերթ», «Զօրեան» հիմնարկ): Ան նաեւ Հայկական Սփիւռքի ուսմանց հիմերը հաստատած է, առաջնորդողի դեր ստանձնելով Սփիւռքին նուիրուած ուսումնասիրութեանց մէջ: Ան ներկայիս անգլերէնի եւ բաղդատական գրականութեան դասախօս է «Ուեսլիըն» համալսարանին մէջ:

Գիտաժողովին ամբողջական յայտագիրը կարելի է կարդալ՝ այցելելով

https://societyforarmenian studies.com/wp-content/uploads/2019/07/SAS-Diaspora-Conference-Program-Final.pdf կայքէջը։

Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան հիմնադրութեան 45ամեակին առիթով կազմակերպուող ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան հովանաւորութեամբ, միութեան կեդրոնին մէջ, Ուինեթքա (19726 Sherman Way, Winnetka, CA 91306), Շաբաթ երեկոյեան, ժամը 7էն սկսեալ։

Ճաշկերոյթին ընթացքին պիտի մեծարուին ընկերակցութեան նախկին նախագահներ՝ Ռիչըրտ Յովհաննէսեան, Նինա Կարսոյեան, Աւեստիս Սանճեան, Ռապըրթ Թամսըն, Ռանըլտ Սիւնի, Գէորգ Պարտաքճեան, Տիգրան Գույումճեան, Ռապըրթ Հիւսըն, Տենիս Փափազեան, Ճոզէֆ Քէշիշեան եւ Պարլօ Տէր Մկրտիչեան։

«Անհամբեր կը սպասենք այս յատկանշական գիտաժողովին, որ ի մի պիտի բերէ աշխարհի տարածքէն խումբ մը հեղինակաւոր մտաւորականներ, հայկական Սփիւռքի բարդ կացութիւնը ուսումնասիրելու համար եւ մեծարելու Սփիւռքի ուսումնասիրութեանց մասնագիտութիւնը հաստատած Խաչիկ Թէօլէօլեան։ Կը յուսամ, որ համայնքը, մեծաթիւ մասնակցութիւն բերելով՝ առիթը կ՛ունենայ աւելի մօտէն ծանօթանալու ուսումնասիրութեանց այս բնագաւառին, որ կարիքը ունի անոր աջակցութեան», կը յայտնէ Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան նախագահ փրոֆ. Պետրոս Տէր Մաթոսեան:

Գիտաժողովի որմազդին հեղինակն է Ռուբէն Մալայեան։

Յիշեցնենք, որ Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութիւնը հիմնադրուած է 1974ին, համագործակցութեամբ խումբ մը հայագէտներու, որոնց կարգին՝ Ռիչըրտ Յովհաննէսեան, Ռապըրթ Թամսըն, Նինա Կարսոյեան, Տիգրան Գույումճեան եւ Աւեստիս Սանճեան:

Քաղուած Ասպարէզէն 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/08/2019, 12:22