Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 

Արմէն Սարգսեան. «Յատուկ ջանքեր պէտք է ներդնենք, որպէսզի բնութեան վնաս չտանք»:

Պէտք է յստակ ծրագիր ունենանք, թէ ի՛նչ կ՛ընենք ե՛ւ բնապահպանութեան, ե՛ւ տնտեսութեան, ե՛ւ զարգացման, ե՛ւ զբօսաշրջութեան ոլորտներուն մէջ»:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշեց,  թէ նախագահ Արմէն Սարգսեան հետեւողական կերպով հանդէս կու գայ յօգուտ այն քաղաքական որոշումներուն, որոնք կը բխին հայկական պետականութեան ամրապնդման եւ մեր ազգային շահերէն:

Յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ, որ թէեւ Սահմանադրութեամբ նախագահը իրաւասու չէ միջամտելու իշխանութեան միւս մարմիններու աշխատանքին, սակայն միշտ պատրաստակամ է համազգային եւ համապետական կարեւորութիւն ունեցող հարցերու պարագային օգտակար ըլլալու` իր փորձառութեամբ ու խորհուրդներով:

«Միեւնոյն ատեն կ՛ուզենք յիշեցնել, որ վերջերս Լոռիի մարզ այցելութեան ընթացքին, կարեւոր նկատելով բնապահպանութեան խնդիրը, հանրապետութեան նախագահը մասնաւորաբար նշած էր. «Յատուկ ջանքեր պէտք է ներդնենք, որպէսզի բնութեան վնաս չտանք: Պէտք է յստակ ծրագիր ունենանք, թէ ի՛նչ կ՛ընենք ե՛ւ բնապահպանութեան, ե՛ւ տնտեսութեան, ե՛ւ զարգացման, ե՛ւ զբօսաշրջութեան ոլորտներուն մէջ»:

Քաղուած Ազդակ օրաթերթէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/08/2019, 09:47