Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Ահմէտ Ալ Թայէպ Իմամը։ Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Ահմէտ Ալ Թայէպ Իմամը։ 

Ապու Տապիի մէջ հիմնուեցաւ կոմիտէ մը իրագործելու համար մարդկային եղբայրութիւն փաստաթուղթը:

Բարձրագոյն կոմիտէին մաս կը կազմեն, քահանայապետական միջկրօնական խորհուրդի նախագահ՝ Գերապայծառ Միկէլ Այուսօ Կիսօ, Ալ Ազհար համալսարանի տնօրէն՝ Փրոֆ Մուհամետ Հուսէյն Մաշրավի, Ֆրանչիսկոս Պապին անձնական քարտուղար գերապայծառ Եոհաննիս Լահզի Կայիտ ինչպէս նաեւ այլ քրիստոնեայ եւ մահմետական մտաւորականներ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ապու Տապիի մէջ հիմնուած է բարձրագոյն  կոմիտէ մը իրագործելու համար անցեալ Փետրուար ամիս Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Ալ Ազհար համալսարանի Ահմէտ Ալ Թայէպ Իմամի կողմէ ստորագրուած մարդկային եղբայրութիւն փաստաթուղթը:

Ունկնդրէ լուրը

Յիշեալ բարձրագոյն կոմիտէին մաս կը կազմեն, քահանայապետական միջ կրօնական խորհուրդի նախագահ՝ Գերապայծառ Միկէլ Այուսօ Կիսօ, Ալ Ազհար համալսարանի տնօրէն՝ Փրոֆ Մուհամետ Հուսէյն Մաշրավի,  Ֆրանչիսկոս Պապին անձնական քարտուղար, գերապայծառ Եոհաննիս Լահզի Կայիտ ինչպէս նաեւ այլ քրիստոնեայ եւ մահմետական մտաւորականներ:  

Ապու Տապիի գահաժառանգ Շեյխ Մուհամետ Պին Զայետ Ալ Նայեան իշխանը  հաստատած է, թէ Մարդկային եղբայրութիւն փաստաթուղթին իրագործման նպատակով հիմնուած կոմիտէն պիտի սատարէ նախաձեռնութիւններ եւ գաղափարներ իրականացնելու, խաղաղ համակեցութեան,հանդուրժողութեան եւ համագործակցութեան ի սպաս:  

Ան նկատել տուած է, որ Արաբական միացեալ թագաւորութիւնները ամէն ջանք ի գործ կը դնէ խթանելու համար խաղաղութիւնն ու տարածելու խաղաղ համակեցութեան սկզբունքները համայն աշխարհի մէջ:

Նշուած է , որ կոմիտէին պարտականութիւնն է իրականացնել ծրագիրներ՝  Փաստաթուղթը ամէն աշխարհի մէջ տարածելու համար,  կազամկերպելով կրօնապետերու եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն միջեւ հանդիպումներ:

Բարձրագոյն կոմիտէն  նաեւ պիտի  պահանջէ իրաւական իշխանութիւններէն, որ իրենց  ազգային օրէնսդրութեան մէջ որդեգրեն փաստաթուղթի դրութիւնները՝ սփռելու եւ իրագործելու համար փոխադարձ յարգանքի եւ խաղաղ համակեցութեան արժանիքները:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/08/2019, 15:00